Հայ Դպրոցականները Յաղթած են «Քիմիագիտութիւն» Նիւթի Միջազգային Մրցոյթին

Թայլանտի Նախոմ-Պատոմ քաղաքին մէջ, Յուլիս 6-15 կայացած 2016-2017 ուսումնական տարուան «քիմիագիտութիւն» նիւթի դպրոցականներու միջազգային մրցոյթին Հայաստանի խումբը մեկնարկած է յաջողութեամբ` շահելով երկու պրոնզէ մետալ եւ մէկ գովասանագիր: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու եւ տեղեկատւութեան վարչութենէն:

Մետալներու արժանացած են Վանաձորի մաթեմաթիքայի եւ բնագիտական առարկաներու խորացուած ուսուցմամբ յատուկ դպրոցի 12-րդ դասարանի աշակերտներ Համլէթ Խաչատրեանը եւ Սպարտակ Սաղեանը, իսկ գովասանագիրի` Երեւանի թիւ 184 աւագ դպրոցի  12-րդ դասարանի աշակերտուհի Սուսաննա Կիրակոսեանը:

ՀՀ հաւաքականը ղեկավարած են ԵՊԲՀ-ի ներկայացուցիչներ Անդրանիկ Դաւինեանը եւ Հրաչեայ Խաչատրեանը:

Նշենք, որ «քիմիագիտութիւնր առարկայի դպրոցականներու միջազգային մրցոյթը այս ուսումնական տարուան առաջին մրցոյթն էր: Յաջորդ մրցոյթը պիտի իրականացուի «մաթեմատիքա» առարկայէն, Յուլիս 12-23, Պրազիլի Ռիօ տէ Ժանէյրօ քաղաքին մէջ:

Scroll Up