Լիբանանի Մէջ ՀՀ Դեսպանը Հայաստան-Լիբանան Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Կոչ Ուղղեց
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/07/samuel_amareddin_71717.jpg)
Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան երէկ այցելեց Թրիփոլիի քաղաքապետ Ահմետ Ամարէտտինի, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը։
Հանդիպումէն ետք դեսպան Մկրտչեան կոչ ուղղեց Հայաստան-Լիբանան գործակցութիւնը ամրապնդելու, յատկապէս զբօսաշրջական եւ մշակութային մարզերուն մէջ:
Դեսպան Մկրտչեան անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ հայութեան ունեցած դրական դերակատարութեան:
Ան Ամարէտտինին յանձնեց Հայաստան այցելութեան հրաւէր մը` երկկողմանի եղբայրական յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ առեւտրական, մշակութային ու զբօսաշրջական մարզերուն մէջ գործակցութիւնը բարելաւելու նպատակով: