«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցին ՄԷջ Ուսումնական Նոր Մեթոտներու Ծանօթացայ. Հայկանոյշ Գասպարեան

«Հայերն այսօր»-ի տեղեկացմամբ,  ՌԴ Մոսկուա քաղաքի Տոմոտետովոյի տարածաշրջանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան կիրակնօրեայ դպրոցի պատմութեան ուսուցչուհի, դպրոցի փոխտնօրէն Հայկանոյշ Գասպարեան կը մասնակցի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրի հայոց լեզուի ուսուցիչներու եւ կրթական գործի կազմակերպիչներու վերապատրաստման դասընթացքին: Երկու տարի առաջ  Երեւանէն ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Մոսկուա:

Աւարտելով Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքը` Հայկանոյշը Մոսկուայի մէջ կրցած է իր մասնագիտութեամբ աշխատանք գտնել, եւ հիմա նուիրումով հայապապանութեամբ կը զբաղի:

Նորաստեղծ համայնքն ու դպրոցը սերտ փոխգործակցութեան մէջ կը գտնուին, հոգաբարձուներու խորհուրդը տասնհինգ բարերաներէ  բաղկացած է, որոնց մեկենասութեամբ կ´իրականացուի  համայնքի ու դպրոցի գործունէութիւնը:

«Համայնքը հինգ հարիւր անդամ ունի, երթալով կ´աւելնայ անդամագրուողներու թիւը, այդ պատճառով ալ կը փորձենք մոսկովեան միւս շրջաններուն մէջ ալ դպրոցներ բանալ: Մեր դպրոցին մէջ պարտադիր կը նշենք ազգային, եկեղեցական, պետական տօները, որպէսզի երեխաները ծանօթանան հայկական մշակութային արժէքներուն ու աւանդոյթներուն»,-ըսաւ Հայկանոյշ Գասպարեան` աւելցնելով, որ աշակերտները մեծ ոգեւորութեամբ  մասնակցած են ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` Հայոց բանակի կազմաւորման 25-ամեակին նուիրուած «Նամակ զինուորին» շարժման` սրտի թրթիռով իրենց քաջալերանքի խօսքը գրելով  քաջարի տղաներուն:

Նշենք, որ դպրոցի շուրջ 150 աշակերտներէն շատերը այս տարի եկած են «Արի տուն» ծրագիրին մասնակցելու, որոնք, ինչպէս Հայկանոյշը կը  տեղեկացնէ, ծրագիրէն շատ գոհ են ու հիացած:

«Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրին առանց վարանելու որոշած է մասնակցիլ, քանի որ կը ցանկար նոր գիտելիքներ ձեռք բերել եւ նոր ծանօթութիւններու շնորհիւ հասկնալ, թէ Սփիւռքի միւս համայնքերուն մէջ ինչպէս  կրթական գործն ու հայապահպանութիւնը կ´իրականցուի:

«Դասընթացներու ժամանակ ուշի-ուշով հետեւած եմ դասախօսներուն`  անոնցմէ ստացած տեղեկութիւնները աշակերտներուն  փոխանցելու համար, նաեւ ուսումնական նոր մեթոտներու, ծրագիրներու տիրապետել սորվեցայ, որոնք յետագային դասերու ժամանակ անպայման պիտի կիրառեմ:

Այնչափ շնորհակալ ենք ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` ծաւալած ազգանպաստ գործունէութեան, միշտ մեր կողքին գտնուելու եւ յատկապէս մեր դպրոցին դասագիրքերով ապահովելու համար»,-զրոյցն ամփոփեց Հայկանոյշ Գասպարեան:

Գէորգ Չիչեան

 

Scroll Up