«Համացանցային Դաշտին ՄԷջ Պէտք Է Աւելի Զօրեղ Ըլլանք». Տէր Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ Հոգեշնորհ Տէր Պետրոս վարդապետ Մանուէլեան կը մասնակցէր ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի նախաձեռնութեամբ Օգոստոս 25-26 իրականացուած «Հայկական աշխարհը համացանցին մէջ» միջազգային գիտաժողովին: Հայր սուրբը ներկայացուցած է «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը համացանցի ճանապարհով» զեկուցումը:
Գիտաժողովի աշխատանքերու աւարտէն ետք «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ան խօսած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման, հոգեւոր դաստիարակութեան նպաստող ծրագիրներուն ու ձեռնարկներուն մասին.
«Համացանցի ներկայութիւնը այսօր մեր կեանքին մէջ ամենուրէք է եւ իւրաքանչիւր մակարդակի վրայ զգալի: Հայ ժողովուրդին համար, այսպէս կոչուած, համացանցի հարցը հրատապ է, որովհետեւ այս մշակոյթը ուղղակիօրէն կ’առնչուի հայու ինքնութեան, մարդակերտումին, հայակերտումին մեր աշխատանքներուն հետ, եւ բոլոր վայրերուն մէջ կը տեսնենք համացանցի անդրադարձը: Հայ եկեղեցին ոչ միայն հոգեւոր կեանքի կռուան է, այլեւ հայկական ինքնութեան պահպանման կարեւորագոյն դերակատարումն է յատկապէս սփիւռքեան կեանքին մէջ: Հետեւաբար, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, որպէս Սփիւռքի ազգային եւ հոգեւոր կեդրոն, հսկայական աշխատանք կատարած է ու պիտի շարունակէ կատարել ներկայ արհեստագիտութեան հարթակներուն վրայ` համաքայլ ընթանալով այսօրուան պահանջներուն:
Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութիւնը մեծ նշանակութիւն կու տայ համացանցային գործունէութեան, որպէսզի հայութիւնը աշխուժօրէն ներկայացնենք նաեւ համացանցի միջոցով:
Կաթողիկոսութիւնը ունի իր պաշտօնական` www.armenianorthodoxchurch.org կայքը, ուր կը լուսաբանուի ինչպէս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա կաթողիկոսի, այնպէս ալ` կաթողիկոսարանի ընթացիկ աշխատանքները:
Կայքի ֆէյսպուքեան էջին վրայ նաեւ օտարազգի օգտատէրեր կը հետեւին կաթողիկոսութեան գործունէութեան, ներառեալ` թուրքերն ու ատրպէյճանցիները: Անոնք նոյնիսկ գրառումներ կը կատարեն այնտեղ: Ասիկա կը նշանակէ, որ համացանցային դաշտին մէջ պէտք է համահայկական մօտեցում ցուցաբերենք եւ աւելի զօրեղ ըլլանք:
Մեր գործունէութեան պերճախօս վկայութիւնը այս տարուան ընթացքին Վեհափառի տնօրինութեամբ երկու կարեւոր նախաձեռնութիւններու իրականացումն էր:
Առաջինը` Յունուար ամսուն տեղի ունեցած «Ընկերային լրատուամիջոցները եւ անոնց ազդեցութիւնը հայու ինքնութեան վրայ» թեմայով զրոյց-քննարկումն էր:
Շատ արդիւնաւէտ քննարկումներ ծաւալեցան: Մասնակից երիտասարդները իրենց մտահոգութիւնը արտայայտեցին համացանցի դրական եւ բացասական ազդեցութիւններուն վերաբերեալ:
Երկրորդ կարեւոր ձեռնարկը Յուլիսին գումարուած երիտասարդական մէկօրեայ` «Ընկերային ցանցերը եւ հայ երիտասարդները» խորագիրով համագումարն էր, որուն աշխարհի տարբեր թեմերէն շուրջ 100 հայ երիտասարդներ մասնակցեցան: Համագումարին ժամանակ, ի թիւս այլ հարցերու, խօսուեցաւ համաշխարհայնացման այս դարաշրջանին համացանցի միջոցով հայ մնալու գաղափարին մասին»:
Գէորգ Չիչեան