Չինարի Գիւղի Աշակերտներու Հանգիստը Ծովափնեայ Խոստայի ՄԷջ

Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը, Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղի միջնակարգ դպրոցի 12-րդ դասարանի ինը աշակերտ, դպրոցի տնօրէն Կրետա Դալլաքեանի եւ դասղեկ Էլիզա Բիլեանի ուղեկցութեամբ, ամառնային արձակուրդի ընթացքին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ Սոչիի հայկական համայնքի հրաւէրով 9 անմոռանալի օր անցուցած են Սոչիի Խոստա ծովափնեայ քաղաքին մէջ: Հայաստանէն ժամանած հիւրերուն դիմաւորած է Սոչիի հայկական համայնքի նախագահի միջազգային գիծով տեղակալ Մարքոս Քեսեան, որ ամբողջ ընթացքին անոնց ուշադրութեան եւ հոգատարութեան կեդրոնին մէջ պահած է:
Երիտասարդները շատ ոգեւորուած վերադարձած են շրջագայութենէն, յագեցած օրեր ունեցած են Խոստայի մէջ, հասցուցած են այցելել տարբեր ժամանցային, տեսարժան եւ պատմամշակութային վայրեր, տեսած են Խոստայի բարձրաբերձ լեռներն ու ձորերը, նաեւ հանդիպումներ ունեցած համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ բանաստեղծ Վարուժան Խաստուրի հետ: Անոնք հանդիպած են նաեւ սոչիաբնակ հասակակիցներուն` ընկերային ջերմ յարաբերութիւններ ձեւաւորելով իրար հետ: Հիւրերուն պատուին ձեռնարկ-ճաշկերոյթ կազմակերպուած է, որուն ընթացքին հայրենասիրական երգ ու ասմունք հնչած: Քննարկուած է նաեւ Չինարիի դպրոցի` հնարաւոր ներդրումային ծրագիրով վերանորոգման հարցը:
Գէորգ Չիչեան