«Երբ Կ´երգեմ Ընկերներուս Հետ, ինքզինքս Հայկական Մեծ Ընտանիքին Մէկ Մասնիկը Կը Զգամ». «Արի Տուն-2017» Ծրագիրի Հունգարահայ Մասնակից

17- ամեայ հունգարահայ Հաննա Աբգարեան առաջին անգամ  Հայաստան կ´այցելէ: եկած  է մասնակցելու ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրին: Թէ ինչ տպաւորութիւններով պիտի վերադառնայ Հունգարիա, պատմած է «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին.

– Հունգարիոյ մէջ կայ հայկական համայնք, որուն կազմակերպած իրադարձութիւններէն մէկուն ժամանակ ես իմացայ «Արի տուն» ծրագիրին մասին եւ որոշեցի մասնակցիլ: Ես ծնած եմ Հուգարիա, տան մէջ կը խօսինք հունգարերէն, եւ այս ծրագիրը հնարաւորութիւն տուաւ ինծի առաջին անգամ այցելել Հայաստան եւ սորվիլ հայերէն: Հայաստան շատ սիրեցի, այստեղ ամէն ինչ` տեսարժան վայրերը, յուշարձանները, վանքերը, այնքան գեղեցիկ են, իսկ մարդիկ երկիրը կը դարձնեն  շատ աւելի գեղեցիկ:

Վայելած եմ ծրագիրէն ներս անցուցած ամէն մէկ պահը, սակայն յատկապէս ճամբարային երգերը: Երբ կ´երգեմ ընկերներուս հետ, ինքզինքս հայ կը զգամ, հայկական  մեծ ընտանիքին մէկ մասնիկը: Մասնակիցները այնքան բարի են եւ ընկերական, որ  քանի մը օրուան մէջ կ´ընկերանաս շատերուն հետ: Երբ վերադառնամ Հունգարիա, անպայման կը պատմեմ իմ ընկերներուս «Արի տուն» ծրագիրին մասին եւ կը քաջալերեմ անոնց մասնակցելու: Շնորհակալութիւն բոլորին, որոնք ամէն ինչ ըրին, որ մեր օրերը հայրենիքի մէջ գեղեցիկ անցնին:

Ճուլիետա Սահակեան

ԵՊՀ ռոմանագերմանական բանասիրութեան բաժանմունքի 4-րդ կարգի ուսանողուհի

 

Scroll Up