«Ճամբարին Մէջ Սփիւռքահայ Երիտասարդներուն Միջեւ Յարաբերութիւններու Սերտացում Նկատուեցաւ». «Արի Տուն-2017» Ծրագիրի Կամաւոր

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրին կը մասնակցին կամաւորներ, որոնք կը փորձեն սփիւռքահայ երիտասարդներուն առօրեան աւելի հետաքրքիր ու յագեցած դարձնել: Ծրագիրին ընթացքին, սփիւռքահայ երիտասարդներու հետ շփումէն ստացած տպաւորութիւներով  կը կիսուի ծրագիրի կամաւոր, 21-ամեայ Սեւատա Սաֆարեան.

– Անցած տարի նոյնպէս հրաւէրք ստացած էի մասնակցելու «Արի տուն» ծրագիրին, բայց Հայաստան չըլլալու պատճառով` չմասնակցեցայ: Այս տարի իմ առաջին փորձս էր ուսումնասիրելու Հայաստան բնակող եւ սփիւռքահայ երիտասարդներու մշակութային, մտածելակերպային տարբերութիւնները:

Շատ յուզիչ, նաեւ փոքր-ինչ տխուր էր այն պահը, երբ ծրագրի մասնակից սուրիահայ եւ Ուզպեկստանէն եկած տղաները իրար հետ կը խօսէին անգլերէն: Ես շատ կարճ ժամանակահատուածի մէջ ամէն կերպ կը փորձէի անոնց հայերէն սորվեցնել:

Ամենանշանակալից օրերէն մէկն ինծի համար Խոր Վիրապ այցելելութիւնն էր: Խոր Վիրապի մէջ ես կ’օգնէի բոլոր արիտունցիներուն իջնել փոսը, որուն պատճառով եկեղեցի այցելած զբօսաշրջիկները ստիպուած էին երկար սպասել:

Ճիշդ է, տարբեր պատմական վայրեր այցելելը շատ տուաւորիչ էր երեխաներուն համար, բայց ճամբարին մէջ յարաբերութիւններու սերտացում նկատուեցաւ: Թերեւս այն պատճառով, որ շրջագայութիւններուն ընթացքին երեխաները, այցելելով տարբեր պատմական վայրեր, այնքան ալ շատ ժամանակ չէին ունենար իրար հետ շփուելու: Իսկ ճամբարին մէջ առաջնային կը համարուէր  հէնց շփումը եւ աւելի սերտ յարաբերութիւններու ստեղծումը:

Ճամբարին ընթացքին հասցուցի մտերմանալ բոլոր արիտունցիներուն հետ: Ինծի համար շատ կարեւոր է, որ ճամբարային օրերուն ընթացքին ես երեխաներուն համար ո՛չ միայն ղեկավար դարձայ, այլ նաեւ աւագ ընկեր: Ուր երբ  օր մը այցելեմ այն երկիրները, ուր անոնք կը բնակին, անպայման պիտի տեղեկացնեմ անոնց, որպէսզի հանդիպինք:

Անահիտ Աբրահամեան

ԵՊՀ ռոմանագերմանական բանասիրութեան բաժանմունքի 4-րդ կարգի ուսանողուհի

 

Scroll Up