«Հիմա Աւելի Լաւ Կը Խօսիմ Հայերէն». «Արի Տուն-2017» Ծրագիրի Ֆրանսահայ Մասնակից

«Հայերն այսօր»– Յուլիս 7-ին, Աղաւնաձորի մէջ` ճամբարային խարոյկին շուրջ բռնած շուրջպարով, աւարտեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրի 2-րդ փուլը: Անձրեւային եղանակը որեւէ կերպ չխանգարեց մասնակիցներուն ցոյց տալ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանին եւ միւս ներկաներուն ճամբարային օրերուն ընթացքին սորված երգերն ու պարերը: Ճամբարին մէջ տիրող յուզումնալից մթնոլորորտը, հրաժեշտի ջերմ գրկախառնութիւնները եւս մէկ անգամ հաստատեցին ծրագիրի յաջողութիւնը աշխարհասփիւռ հայերուն հայրենի տանիքի տակ միաւորելու հարցով: Ծրագիրի մասնակից, Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզ ապրող 15-ամեայ Լիւսի Սարգսեան մեծ ոգեւորութեամբ կիսեց երկշաբաթեայ այցի ընթացքին ստացած տպաւորութիւնները եւ յիշողութիւնները.

– Ծրագիրին մասին տեղեկացած եմ ընկերուհիիս շնորհիւ, որ արդէն մասնակցած էր ծրագիրին: Ծնած եմ Ֆրանսա, տան մէջ կը խօսինք ֆրանսերէն, կը յաճախեմ ֆրանսական դպրոց, բայց շաբաթական մէկ անգամ կ’այցելեմ հայերէնի դասընթացներու, որուն ընթացքին կը սորվինք գրել, կարդալ, երգել, կը խօսինք Հայաստանի պատմութեան ու մշակոյթի մասին: Երկրորդ անգամ կ’այցելեմ Հայաստան, շատ սիրեցի երկիրը, շատ հաճելի էր այստեղ գտնուիլը: Այս ընթացքին շատ բան սորվեցայ եւ հիմա աւելի լաւ կը խօսիմ հայերէն: Տպաւորուած եմ Նորավանք կատարած այցելութեամբ, իսկ ամենահաճելին ճամբարային օրերն էին` ընկերներուս հետ ծանօթանալը, երգեր երգելը: Կը ցանկամ շնորհակալութիւն յայտնել Սփիւռքի նախարարութեան մեզի նման հնարաւորութիւն տալու համար: Ծրագիրը այնքան հաճելի էր, որ կը ցանկայի կրկին գալ եւ մասնակցիլ:

Ջուլիետա Սահակեան

ԵՊՀ ռոմանագերմանական բանասիրութեան բաժանմունք, 4-րդ կարգ

 

 

Scroll Up