Կը Շարունակուին «Սփիւռք» Ամառնային Դպրոց Ծրագիրի Մասնակիցներու Շրջայցերը

«Հայերն այսօր»-ի տեղեկացմամբ, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրի մասնակիցները Հայաստանի տեսարժան, պատմամշակութային վայրերուն մէջ շրջայցերու ծիրէն ներս  յուլիս 8-ին այցելած են Գեղարդի վանք եւ Գառնի տաճար:

Յուլիս 8-ին անոնք յաջորդիւ այցելած են Կոմիտասի անուան պանթէոն, գլուխ խոնարհած այնտեղ հանգչող հայ մեծերու շիրիմներուն: Այնուհետեւ Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին մէջ հանգամանալիօրէն ծանօթացած  տաղանդաշատ հայ երգահանի կեանքին եւ ստեղծագործական ժառանգութեան: Ծրագիրի մասնակիցներէն  քանի մը հոգի հանդէս  եկած են կոմիտասեան կատարումներով:

Աւելցնենք, որ «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրը կ’իրականացուի ԵՊՀ հետ համագործակցութեամբ: Այս տարի ծրագիրին կը մասնակցի աւելի քան 350 սփիւռքահայ` աշխարհի 30 երկրէ:

Դասընթացները կ’իրականացուին  հինգ ուղղութիւններով.

Հայոց լեզուի արագացուած ուսուցում ուլիս 2 – 29),

Հայոց լեզուի ուսուցիչներուեւ կրթական գործի կազմակերպիչներու  վերապատրաստում ուլիս 2 – 29), 

Երիտասարդ լրագրողներուվերապատրաստում ուլիս 2 – 15),

Ազգային երգի խմբավարներու եւ պարուսոյցներու վարպետութեան դասընթացներ ուլիս 2 – 15), 

Երիտասարդ առաջնորդներու եւ համայնքային գործի կազմակերպիչներու դասընթացք ուլիս 2 – 15):

 

 

 

Scroll Up