Զոհուած Հերոսի Ծնողները Այցելեցին ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւն

Օգոստոս 4-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ  տեղի ունեցաւ հանդիպում Լոնտոնի Գէորգ Թահթայեան վարժարանի տնօրէն Ռուզաննա Թաթուլեանի, ուսուցչուհի Սթելլա Թարուերդին, եւ 2016թ. դեկտեմբեր 29-ին Տաւուշի մարզի Չինարի Բերդին մէջ մարտական հերթապահութեան ժամանակ զոհուած Շաւարշ Մելիքսէթի Մելիքեանի ծնողներուն հետ:

«Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» 2016թ. մրցանակաբաշխութեան «Լաւագոյն հայկական կրթօճախ» եւ «Մայրենիի պաշտպան» անուանակարգերուն մէջ յաղթող ճանչցուած, երկրորդ կարգի վկայականներու եւ դրամական մրցանակներու արժանացած վարժարանի ուսուցիչները եւ տնօրէնը որոշած են մրցանակային գումարը յատկացնել զոհուած հերոսի ընտանիքին:

Աշխատակազմի  ղեկավար Ֆ. Զաքարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Լոնտոնի Գէորգ Թահթայեան վարժարանին եւ հերոսի ծնողներուն: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Ամէն անգամ այսպիսի առիթներով մէկ անգամ եւս համոզւում ենք, որ հզօր ազգ ենք: Մեր ունեցածը ցանկանում ենք կիսել հայրենակցի հետ, կիսել նրա վիշտը: Մեծապէս գնահատում եմ վարժարանի տնօրինութեան որոշումը: Նման դէպքերը մեր թիկունքն աւելի են ամրացնում»:

Լոնտոնի Գէորգ Թահթայեան վարժարանի վարժարանի տնօրէն Ռուզաննա Թաթուլեան ուժ եւ կորով մաղթեց հերոսի ծնողներուն եւ յանձնեց գումարը:

Մելիքսէթ Մելիքեան  աւելցուց. «Շնորհակալ եմ, որ կը գնահատէք մեր որդիին հերոսութիւնը: Ինչպէս Շաւարշը կ´ըսէր. «Մարդն ապրում է այնքան, որքան նրան յիշում են»:

 

 

Scroll Up