«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոց. «Ազգային Երգ Ու Պար» Դասընթացքի Մասնակիցներու Շրջայցը Երեւանեան Թանգարաններուն Մէջ

Յուլիս 6-ին «Ազգային երգ ու պար» դասընթացքի մասնակիցներու օրն առաւել քան յագեցած էր, այն սկսաւ հայկական ժողովրդական երգի ուսուցմամբ: Դասն իր հետաքրքիր շարունակութիւնը ունեցաւ Կոմիտասի անուան թանգարանին մէջ, ուր մասնակիցներուն միացան ԵՊՀ երգչախումբի սաները: Անոնք միասին կատարեցին կոմիտասեան մշակմամբ  երգեր: Կոմիտասի անուան թանգարանի հետազօտութիւններու բաժինի ղեկավար, երաժշտագէտ Տաթեւիկ Շախկուլեան մանրամասն բացատրեց Կոմիտասի ֆենոմենը հայ եւ համաշխահային մշակոյթին մէջ, իսկ կեանքին ու գործունէութեան ծանօթացան թանգարանային մէջ շրջելու ընթացքին:

Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ ԵՊՀ մշակոյթի կեդրոնի տնօրէն Կարինէ Դաւթեան իրականացուց ճանաչողական դասընթացք:  «Մեծանուն հայերու մասին լսել, կարդալ անոնց գրուածքները ու վերջապէս այցելել Պանթէոն շատ յուզիչ է, ես կ´ուզեմ ամէն ինչ տեսնել, անվերջ  լսել անոնց մասին պատմութիւններ»,-տպաւորութիւններով կը կիսուի Եկատիրինպուրկէն ժամանած Կարապետ Նալպանտեան:

Օրուան աւարտին  մասնակիցները այցելեցին նաեւ Հայաստանի  ժողովրդական  արուեստի պետական թանգարան, ուր կը պահուին տարիներու ընթացքին հաւաքուած կիրառական արուեստի ու կերպարուեստի անկրկնելի նմուշներ: Մեծ էր յատկապէս աղջիկներու ոգեւորութիւնը. շատերը  որոշեցին ասեղնագործել սորվիլ:

Նիւթի հեղինակ` ՍԱԴ կամաւոր Այտա Կիրակոսեան

Scroll Up