«Արի Տուն» Ծրագիրի եւ «Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի Մասնակիցները` Աւանդական Դարձած Քայլերթի Մասնակից
Պետական խորհրդանիշերու տօնակատարութեան առանցքային իրադարձութիւնը աւանդական դարձած քայլերթն է, որ մեկնարկեց յուլիս 5-ին, ժամը` 19:30-ին, Ազատութեան հրապարակէն: Մինչ քայլերթի մեկնարկը Ազատութեան հրապարակին վրայ ելոյթներով հանդէս եկան ՀՀ Զու ԳՇ, ԱԻՆ եւ Ոստիկանութեան նուագախումբերը եւ պատուոյ պահակային վաշտերը, ՀԲԸՄ Հայաստանի սկաուտական փողերախումբը, «Երեւանեան թմբուկներ» թմբկահարներու խումբը եւ «Վահագն» տհոլահարներու խումբը: Պարային խումբերը կատարեցին ազգագրական պարային համարներ, որոնց միացան ներկաները:
Այնուհետեւ մեկնարկեց տօնական քայլերթը, որ անցաւ Մաշտոցի պողոտայով, Ամիրեան փողոցով, Հանրապետութեան հրապարակով, Աբովեան, Պուշկին փողոցներով, Հիւսիսային պողոտայով եւ աւարտեցաւ Ազատութեան հրապարակին վրայ: Քայլերթի մասնակիցները պարզեցին ՀՀ մեծաչափ Եռագոյն դրօշը:
Քայլերթին մասնակցեցան նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրի եւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի շուրջ 200 մասնակիցներ` սփիւռքահայ երեխաներ, ամէնօրեայ վարժարաններու ու մէկօրեայ դպրոցներու ուսուցիչներ, երգի ու պարի խմբավարներ ու պարուսոյցներ, համայնքային գործի կազմակերպիչներ եւ երիտասարդ առաջնորդներ, Սփիւռքի հայկական ԶԼՄ-երու լրագրողներ: