«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի Մասնակիցներն Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ Եւ Եռաբլուր. տեսանիւթ
«Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ծիրէն ներս սփիւռքէն ժամանած մեր հայրենակիցները ուսումնական ծրագիրի ծիրէն ներս կ’այցելեն նաեւ պատմամշակութային կոթողներ, յուշահամալիրներ եւ այլուր:
Յուլիս 4-ին «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի մասնակիցները այցելեցին հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր, այնուհետեւ` Եռաբլուր զինուորական պանթէոն:
Մասնակիցները Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի անմար կրակին շուրջ աղօթք հնչեցուցին, իրենց մտքերը բարձրաձայնեցին սրբադասուած անմեղ զոհերուն, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութեան, այդ գործին մէջ Սփիւռքի ներդրման եւ այդ գործընթացքին միտուած աշխատանքներուն մասին:
Մասնակիցները ուղեւորուեցան նաեւ Եռաբլուր զինուորական պանթէոն, ուր կը հանգչին Արցախեան ազատամարտին եւ 1994 թուականի զինադադարէն ետք զոհուած ազատամարտիկներու եւ զինծառայողներու աճիւնները:
Նիւթի եւ տեսանիւթի հեղինակ` ՍԱԴ կամաւոր Միլենա Մկրտչեան