«Լրագրողներու Վերապատրաստում» Դասընթացքը «Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցին Մէջ

Յուլիս 4-ին, «Սփիւռք» ամառնային դպրոց 2017-ի ծիրէն ներս «Լրագրողներու վերապատրաստում» դասընթացքի մասնակիցներու առաջին դասախօսութիւնը վարեց ԵՊՀ Լրագրութեան Բաժանմունքի տնօրէն Նաղաշ Մարտիրոսեան: Դասախօսութեան թեման հայաստանեան հեռուստատեսութեան եւ ձայնասփիւռի արդի փուլն էր: Մասնակիցներէն շատերը արբանեակային հեռարձակման շնորհիւ արդէն ծանօթ էին հայկական որոշ հեռուստաընկերութիւններու եւ ձայնասփիւռի ընկերութիւններուն: Խօսելով լրատուամիջոցներու կատարած գործառոյթներու մասին` Նաղաշ Մարտիրոսեան կարեւոր համարեց յատկապէս սփիւռքի մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու սոցիալ-դաստիարակչական կամ կառավարման գործառոյթի դերը, որ, անոր համոզմամբ, ազգապահպանութեան խնդրի կարեւոր լուծումներէն է»:
«Լրագրողներու վերապատրաստում» դասընթացքի մասնակիցները հանդիպում ունեցան ծրագիրի ղեկավար Մհեր Յովհաննիսեանի հետ: Անոնք ուղղեցին իրենց յուզող հարցերը, տեղեկացան դասընթացքի յետագայ ընթացքին ու սպասուող քննութիւններու մանրամասնութիւններուն մասին: Մասնակիցները, ըստ իրենց նախասիրութիւններուն եւ մասնագիտացման, բաժնուեցան 3 խումբի` հեռուստալրագրութիւն, ռատիոլրագրութիւն եւ տպագիր մամուլ: Գործնական պարապմունքներու ընթացքին ուսանողները կ’աշխատին իրենց ընտրած ուղղութեան մասնագէտներուն հետ եւ կը պատրաստեն համապատասխան նիւթեր:
Մասնակիցները նաեւ հայ ազգագրական պարի իրենց առաջին դասը ունեցան: ԵՊՀ մեծ դահլիճին մէջ «Կարին» աւանդական երգի-պարի համոյթի գեղարուեստական ղեկավարի օգնական Մեսրոպ Քամալեան ներկայացուց «Գիովընդ» եւ «Թամզարա» պարերու խորհուրդը, այնուհետեւ անցաւ պարի ուսուցման: Թէեւ ժամանակը քիչ էր, եւ մասնակիցներէն շատերն առաջին անգամ կը պարէին, սակայն պարուսոյցը բոլորէն գոհ էր:
ԵՊՀ Պալեաններու անուան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում տեղեկատուական արհեստաբանութիւններու անվտանգութեան փորձագէտ Սամուէլ Մարտիրոսեանի հետ «Տեղեկատուական պատերազմներ եւ տեղեկատուական անվտանգութիւն» թեմայով: Դասախօսութիւն-քննարկման մասնակցեցան «Լրագրողներու վերապատրաստում» եւ «Երիտասարդ առաջնորդներ եւ համայնքային գործի կազմակերպիչներ» դասընթացքի մասնակիցները: Փորձագէտը խօսեցաւ քարոզչական նոր գործիքներէն եւ նշեց տեղեկատուական պատերազմներուն ատոնց կիրառման օրինակները: Մասնակիցներուն կը հետաքրքրէր, թէ ինչպէս կարելի է զոհ չերթալ ընկերային ցանցերով իրականացուող համատարած քարոզչութեան եւ ձեւաւորել սեփական կարծիք: Հնչած հարցին ի պատասխան` Սամուէլ Մարտիրոսեան խօսեցաւ ընդհանուր կրթուածութեան եւ լայն աշխարհայեացք ունենալու կարեւորութեան մասին, ինչպէս նաեւ «Մետիագրագիտութիւն» առարկայի դասաւանդման անհրաժեշտութեան մասին:
Նիւթի հեղինակ` ՍԱԴ կամաւոր Գայեանէ Ենոքեան