«4 Սերունդներ. Վճռականութեան Ոգին» Խորագիրով Ցուցահանդէս-Վաճառք Երեւանի Պատմութեան Թանգարանին ՄԷջ

Յուլիս 7-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ եւ Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան հետ համագործակցութեամբ իրականացուող «Թէքէեան» մշակութային միութիւններու հիմնադիր մարմնի 70-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս լիբանանահայ նկարչուհի Լենա Այտընեանի նախաձեռնութեամբ Երեւանի պատմութեան թանգարանին մէջ բացուեցաւ «4 սերունդներ. վճռականութեան ոգին» խորագիրով ցուցահանդէս-վաճառքը:

 Ցուցահանդէսի բացման ներկայ էին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեան, արուեստագէտներ, մտաւորականներ:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին 4 տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներ Սահակ, Արփինէ, Սարին Ոսկեաններու, Թանիա եւ Լենա Այտընեաններու, ինչպէս նաեւ Սելին Չաղլասեանի գեղանկարչական աշխատանքները, մանրաքանդակներ եւ լուսանկարներ:

Ձեռնարկը  կ’իրականացուի նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» շարժման ծիրէն ներս: Գոյացած հասոյթին մէկ մասը կը տրամադրուի Արցախեան պատերազմին  զոհուած ազատամարտիկներու կարիքաւոր ընտանիքներուն:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Թէքէեան» մշակութային միութեան Լիբանանի շրջանային վարչութեան ատենապետ Վիգէն Ասսիլեան:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիւռքի նախարարութեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանին` ցուցահանդէսի կայացման նպաստելու համար:

Ներկաները ողջունեց Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ան շնորհաւորեց լիբանանահայ արուեստագէտները` հայրենիքի մէջ նման հետաքրքիր ցուցադրութիւն կեանքի կոչելու համար` նշելով. «Արդէն մի քանի օր է, ինչ Լիբանանի շունչն ու ոգին է թեւածում Երեւանում, երէկ պարոն Վիգէն Ասսիլեանի ղեկավարութեամբ  փայլուն համերգ էր կազմակերպուել, լիբանանցի երեխաները կատարեցին հայ երգահանների ստեղծագործութիւնները` կամրջելով Հայաստանն ու Լիբանանը, իսկ այսօր 4 սերունդի ներկայացուցիչներ միասին ներկայացնում են իրենց ստեղծագործութիւնները, որոնց միաւորողը հայ մշակոյթն է, լիբանանեան հողում ստեղծագործելու, հայկական արուեստը զարգացնելու ու աշխարհին ներկայացնելու մղումը: Սիրելի՛ լիբանանահայ արուեստագէտներ, ձեր ստեղծագործութիւններում արտացոլուած է գենետիկօրէն ձեզ փոխանցուած սէրը գեղեցիկի, բարձր արուեստի հանդէպ: Այս ցուցահանդէսը վկայում է, որ Սփիւռքում հայկական ինքնութիւնը, հայի տեսակն ու ոգին պահպանելու գործը յուսալի ձեռքերում է: Հայը ամենուրէք յաղթող պէտք է լինի` արուեստում, Արցախի առաջնագծում, թէ գիտութեան ու տնտեսութեան ոլորտներում: Մեր բոլորի համար Հայաստանն է ձգողականութեան, ուժ ու զօրութիւն տուող կենտրոնը»:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Պէյրութի Սան Ժոզէֆ համալսարանի դեղագործութեան բաժանմունքի տնօրէն, արուեստագէտներու Այտընեան գերդաստանի ներկայացուցիչ Հերմինէ Այտընեան:

Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան նպաստելու եւ հայ մշակոյթը պահպանելու ու զարգացնելու համար նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Լենա Այտընեանին յանձնեց Սփիւռքի նախարարութեան պատուոգիր:

Scroll Up