Կրթական Գործի Կազմակերպիչները Կը Վերապատրաստուին «Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցին Մէջ
«Սփիւռք» ամառնային դպրոցի «Ուսուցիչներու վերապատրաստում» ուղղութիւնը յուլիս 4-ին հիւրընկալեց Լեւոն Շանթի անունը կրող դպրոցի փոխտնօրէնները: Արդէն 19 տարի մանկավարժութեամբ զբաղուող Նայիրա Առաքելեան ծանօթացաւ «Կրթական գործ» խումբի մասնակիցներուն հետ, հետաքրքուեցաւ անոնց ծաւալած գործունէութեան, համայնքներուն մէջ հանդիպող խնդիրներուն, դժուարութիւններուն մասին: Շուէտէն ժամանած Յարութ Էքիզեան հետաքրքրուեցաւ հայկական դպրոցին մէջ հայ երեխաներու ներգրաւուածութիւնը մեծցնելու հարցով, որուն յաջորդեց մասնակիցներու կառուցողական քննարկումը:
Մասնագիտական փորձի փոխանակման յաջորդեց ԵՊՀ մանկավարժութեան ամպիոնի դասախօս Արեւիկ Ղազարեանի հետ հանդիպումը, որ դասընթացք իրականացուց «Կրթութեան կառավարման հիմունքներ» թեմայով:
«Կառավարիչը երեք որակ պէտք է ունենայ` անձնական, մասնագիտական եւ կառավարչական. որքան լաւ է կառավարիչը, այդքան այս յատկանիշները ներդաշնակ են»- նշեց Ա. Ղազարեան եւ մանրամասն անդրադարձաւ թուարկուածներէն իւրաքանչիւրին: Ազատ երկխօսութեան միջոցով քննարկուեցան այն խնդիրները, որոնց հանդիպած են ամառնային դպրոցի մասնակիցներն իրենց համայնքներուն մէջ: Դասընթացավարը առաջարկեց խնդիրներու լուծման ուղիներ, որոնք հնարաւոր է օգտագործել ոչ միայն աշխատանքի, այլեւ առօրեայի մէջ:
«Ուսուցիչը մարդ է, որ ամբողջ լսարանը պահելով իր տեսադաշտին մէջ` միաժամանակ կրնայ անհատական վերաբերմունք ցուցաբերել իւրաքանչիւր աշակերտի նկատմամբ. սա է ամենակարեւորը ուսուցիչ ըլլալու գործին մէջ»,- այս խօսքերով «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի երկրորդ օրն ամփոփեց դասընթացքի պատասխանատու Արմինէ Աշիկեան:
Նիւթի հեղինակ` ՍԱԴ կամաւոր Արուսեակ Կապուկչեան