ՀՀ Սփիւռքի Նախարարն Ընդունեց ՌՀՄ Օմսկի Տարածաշրջանային Բաժանմունքի Նախագահ Արայիկ Թաթոյեանը

Յուլիս 6-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Ռուսաստանի հայերու միութեան Օմսկի տարածաշրջանային բաժանմունքի նախագահ Արայիկ Թաթոյեանը:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը կարեւոր համարեց Օմսկի հայ համայնքէն ներս հայապահպանութեան ուղղուած աշխատանքները, ապրիլեան պատերազմին ժամանակ Սիպիրի տարածաշրջանէն Արցախին տրամադրած օգնութիւնը:

Հանդիպման քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովին Սիպիրի տարածաշրջանի հայ համայնքի մասնակցութեան հարցերը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Արայիկ Թաթոյեան կարեւոր համարեց Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներու դերը` Օմսկի հայ համայնքէն ներս հայապահպան գործունէութիւն արդիւնաւէտ կազմակերպելու գործին մէջ:

 

 

Scroll Up