Կ’աւարտէ «Արի Տուն» Ծրագիրի Երկրորդ Փուլը

Յուլիս 7-ին, ժամը 19.00-ին, Աղաւնաձորի «Արի տուն» ճամբարին մէջ տեղի կ’ունենայ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրի երկրորդ փուլի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն կը մասնակցին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Հակոբեան, ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան, պետական եւ մշակոյթի գործիչներ, հիւրեր:

Արիտունցիները հանդէս կու գան համերգային ծրագիրով, որ պատրաստած են ճամբարային օրերուն ընթացքին:

Նշենք, որ ծրագիրի 2-րդ փուլին կը մասնակցի 109 սփիւռքահայ պատանի ու աղջիկ աշխարհի 8 երկրէ ` Ռուսաստանի Դաշնութենէն, Ուքրանիայէն, Պելառուսէն, Ուզպեկստանէն,  Վրաստանէն, ԱՄՆ-էն, Ֆրանսայէն եւ Հունգարիայէն:

Լրագրողները տեղափոխող հանրակառքը կը շարժի յուլիս 7-ին, ժամը 17.00 ին Ստեփան Շահումեանի անուան հրապարակէն (հասցէ` Վ.Սարգսեան 3):

Scroll Up