«Սփիւռքի ՄԷջ Եկեղեցւոյ Առաքելութիւնը Հօտը Համախմբելն Ու Հայաստան Աաջնորդելն Է. Յովհաննէս Սարկաւագ Գումրույեան

ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան ԹեմիԱռաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայրտաճարի  «Փոքրիկ հրեշտակներ» շաբաթօրեայ հայկական վարժարանի տնօրէն Բարեշնորհ Յովհաննէս սարկաւագ Գումրույեանի հետ «Հայերն այսօր»-ի  հարցազրոյցը կրթօճախի գործունէութեան, սփիւռքի մէջ ազգային–եկեղեցական կեանք ստեղծելու եւ  հայապահպանութեան առնչուող  հարցերու շուրջ է:

Յովհաննէ՛ս սարկաւագ, հոգեւոր կրթութիւն ո՞ւր ստացած  էք եւ ե՞րբ  ծառայութեան անցած էք հիւսիսային ամերիկայի արեւմտեան թեմին մէջ:

–Ծնած եմ  Հայաստան` Վանաձոր (Կիրովական) քաղաքը, մտաւորականի ընտանիքի մէջ:   Յաճախած եմ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան hոգեւոր ճեմարանը, այնուհետեւ բանասիրական որակաւորումս ստացած եմ Վանաձորի Յովհաննէս Թումանեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանին մէջ: Աշխատած եմ Վանաձորի Գերմանական կեդրոնին մէջ, «ԳՆՊ» բարեգործական հիմնադրամին, աւելի ուշ` դասախօսած եմ նաեւ Երեւանի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանին եւ Վանաձորի Սարգիս Թեւոսեանի անուան պետական փոլիտեխնիկական քոլեջին մէջ, ապա տեղափոխուած եմ Ամերիկայի Միացեալ Նահագներ:

2010 թուականէն կը ղեկավարեմ Առաջնորդարանի «Փոքրիկ հրեշտակներ» շաբաթօրեայ դպրոցը, հայերէն եւ հայոց պատմութիւն կը դասաւանդեմ ՀԲԸՄ-ի «Մանուկեան-Տէմիրճեան» վարժարանին մէջ: Որպէս Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ սարկաւագ` իմ ծառայութիւնս կը բերեմ Արեւմտեան թեմին` մասնաւորապէս Հոլիուտի Ս․ Յովհաննէս Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ:

Այժմ հանգամանալից ներկայացուցէք, խնդրեմ, Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի «Փոքրիկ հրեշտակներ» շաբաթօրեայ հայկական վարժարանի մասին:

– Դպրոցը հիմնադրուած է 2000թ-ին` Պլիկեան ընտանիքի ազնիւ մտայղացմամբ:  2010թ.-ին ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի օրհնութեամբ տեղափոխուած է Առաջնորդանիստ Ս. Ղեւոնդեանց Մայր Տաճար:

Ներկայիս դպրոց կը յաճախէ  6-14 տարեկան 250 աշակերտ, ուսուցումը վեցամեայ է, դասարանները կը բաժնուին ըստ լեզուական իմացութեան, դասաւանդման լեզուն արեւելահայերէնն է: Դասընթացները կ’իրականացուին Հայաստանի Հանրապետութեան հանրակրթական դպրոցներու դասագիրքերով:

Այս հարցով կը համագործակցինք ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ, որուն համար յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին` մեզի ցուցաբերած աջակցութեան համար: Ի դէպ, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի եւ Ռուսաստանի հայերու միութեան կազմակերպած «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» 2015 թ. մրցանակաբաշխութեան ծիրէն ներս մեր կրթօճախը Սփիւռքի լաւագոյն շաբաթօրեայ վարժարան ճանչցուած է` արժանանալով գլխաւոր մրցանակի եւ առաջին կարգի տիպլոմի:

 Կրթօճախէն ներս մշտապէս տեղի կ’ունենան հանդէսներ, մշակութային, ազգային ձեռնարկներ ու հանդիպումներ, կը գործէ դպրոցի երգչախումբը:

Վեց դասարաններու բաժնուած արեւելահայերէնի ծրագիրն  իր մէջ կ’ամփոփէ այբուբենի դասաւանդումէն մինչեւ հայոց գրականութեան, պատմութեան, մշակոյթի ու երաժշտութեան նիւթերու դասաւանդում, որ հիմնուած է Քալիֆորնիոյ  կողմէ սահմանուած լեզուներու ուսուցման հիմնական չափանիշներու վրայ (Common Core State Standards): Ուսումնական տարուան տեւողութիւնը 10 ամիս է․ կը մեկնարկէ օգոստոսին եւ կ’աւարտէ` մայիսին: Դասարաններու բաշխումը կը կատարուի ըստ լեզուական իմացութեան:

Ամէն տարի օգոստոս ամսուն թեմի ամբողջ ուսուցիչներուն համար վերապատրաստման դասնթացներ կը կազմակերպենք` դասախօսներ հրաւիրելով Հայաստանէն եւ ԱՄՆ-էն: Դպրոցը գեղեցիկ աւանդոյթ  ձեւաւորած է. իւրաքանչիւր տարի ապրիլ 24-ի մօտակայ շաբաթ օրը Առաջնորդարանի բակին մէջ կառուցուած Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակին նուիրուած խաչքարին մօտ շաբաթօրեայ այլ վարժարաններու եւ մեր ուսուցիչներու մէկտեղումն ու ծաղիկներու խոնարհումը: Աշակերտները նոյնպէս կը միանան մեզի:

Այս տարի աշակերտներուն համար իւրատեսակ կաւճանկարչութիւն կազմակերպեցինք. անոնց ազատ ընտրութեան հնարաւորութիւն տալով` առաջարկեցինք եկեղեցւոյ բակին մէջ հայկական թեմաներով տարբեր պատկերներ նկարազարդել: Այս միջոցով կը փորձենք ապրիլ 24-ը երեխաներուն մօտ նաեւ որպէս վերածնունդի օր սերմանել:

Աշակերտները սիրո՞վ կը սերտեն Մայրենին:

-Անկեղծ ըսեմ, Լոս Անճելըսի մէջ գրեթէ բոլոր հայ երեխաներու մտածողութեան լեզուն անգլերէնն է, բայց առաւելագոյնը կ’ընենք, որպէսզի հայոց լեզուի, Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի հանդէպ սէր ու հետաքրքրութիւն ունենան:

Մեր դպրոցի աշխատակազմի արհեստավարժութեան շնորհիւ կը յաջողին յաղթահարել լեզուական դժուարութիւնները եւ հիմնովին կատարելագործել հայոց լեզուի գիտելիքները:

Մեր աշակերտները սորվելու վեց տարիներուն ընթացքին, թերեւս, կրնան հասնիլ Հայաստանի հանրակրթական դպրոցներու հինգերորդ դասարանի մակարդակին:

 «Փոքրիկ հրեշտակներ»-ու աւարտական դասարանի սաները կը ստանան վկայականներ, որոնք կը ճանչցուին` որպէս երկրորդ օտար լեզուի վկայագիր` պետական քոլեջներու կողմէ: Բացի այդ, կը համագործակցինք ՀՀ գիտութեան եւ կրթութեան, ինչպէս նաեւ` ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւններուն հետ:

Դպրոցին մէջ կա՞ն աշակերտներ, որոնք իրենց ապագան հոգեւոր առաքելութեան մէջ կը պատկերացնեն, եւ կրթօճախն այդ ուղղութեամբ ի՞նչ քայլեր կը ձեռնարկէ:

-Երիտասարդներուն համար յատուկ ծրագիր կայ: Անոնք Ամերիկայի մէջ Աստուածաբանական պարտադիր կրթութիւն ստանալէ յետոյ Թեմի առաջնորդի օրհնութեամբ կու գան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին` դասընթացներու մասնակցելու Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ, որմէ յետոյ հոգեւորական դառնալ ցանկացողները Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ կը ձեռնադրուին` ծառայութեան անցնելով մեր թեմէն ներս:

Ին՞չ  չափորոշիչներով կ’ընտրուի ուսուցչակազմը:

-Տասներեք ուսուցիչ ունինք: «Փոքրիկ հրեշտակներ»-ուն մէջ բացառապէս կրնան աշխատիլ այն մասնագէտները, որոնք հայաստանեան համալսարաններուն մէջ բանասիրական համապատասխան կրթութիւն  ստացած են: Ուշադրութիւն կը դարձնենք նաեւ ուսուցիչներու անգլերէնի իմացութեան եւ ամերիկեան դպրոցներուն մէջ երեխաներուն հետ աշխատելու փորձառութեան վրայ:

Լաւագոյն աշակերտները կը խրախուսուին. ուսումնական վարձի զեղչեր կը ստանան, որոշակի կրթաթոշակներու կ’արժանանան, համալսարաններ ընդունուելու միջնորդագիրներ կը ստանան:

Կարեւոր է լսել Ձեր խօսքը` որպէս հոգեւորական, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ` Սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման, ազգային ներուժի համախմբման կարեւոր առաքելութեան մասին:

– Դեռեւս 5-րդ դարուն հայ պատմիչ Եղիշէն բնորոշած է, որ մեր հայրը Սուրբ Աւետարանն է, իսկ մայրը` Առաքելական Մայր Եկեղեցին: Դարերով վկայուած իրողութիւն է, որ երբ պետականութիւն չենք ունեցած, եկեղեցին  միշտ ստանձնած է պետութեան գործառոյթները: Այսօր ալ Եկեղեցին Սփիւռքի մէջ պատուով կը շարունակէ կատարել իր առաքելութիւնը` հոտը համախմբելով եւ առաջնորդելով դէպի Հայաստան:

Այս հարցով մեծ է յատկապէս  hոգեւորականի դերը. մեզմէ համայնքը մեծ ակնկալիք ունի: Մեր թեմը բեղուն գործունէութիւն կը ծաւալէ բոլոր ուղղութիւններով` սկսած երիտասադներու` Եկեղեցւոյ շուրջ համախմբմամբ, Հայաստան ճանաչողական այցելութեան ծրագիրներու կազմակերպմամբ, հայկական դպրոցներու, մշակութային, գրական ձեռնարկներու իրականացմամբ, աստուածաբանական հոգեւոր  գիտելիքներու փոխանցմամբ:

Աշակերտները դպրոցն աւարտելէ յետոյ կ’անդամագրուին թեմի երիտասարդական ծրագիրներուն եւ Հայաստան կու գան` կամաւորական ծրագիրի ծիրէն ներս մասնակցելով շինարարական, վերանորոգման, եկեղեցիներու մաքրման եւ այլ աշխատանքներու իրականացման:

Սփիւռքի մէջ հոգեւորականը ի՞նչ խնդիրներու կը  բախուի:

-Առաջինը համասփիւռ հայ երիտասարդներու հայապահպանութեան, հոգեւոր անվտանգութեան, քրիստոնէական արժէքներուն ծանօթացնելու խնդիրն է:

 Շատ կարեւոր է նաեւ անոնց խառնամուսնութեան վտանգէն զերծ պահելը, քանի որ խառնամուսնութիւններու թիւը երթալով կ’աւելնայ:

Այս առումով պարբերաբար կ’այցելենք ընտանիքներ, ամուսնացող երիտասարդներուն կը ծանօթացնենք եկեղեցւոյ սրբազան արարողութիւններուն եւ այլն:

Վերջին տարիներուն համայնքը հոգեւոր մեծ զարթօնք ապրեցաւ 2010 թուականին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի մասնակցութեամբ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի կառուցման եւ օծման առիթով:

Եկեղեցւոյ մէջ կը  գտնուի նաեւ Սփիւռքի մէջ քիչ գործող հայկական թանգարաններէն «Զօրեան» թանգարանը, որ եկեղեցական հնագոյն նմուշներու, անտիկ, ձեռագործ աշխատանքներու եւ խաչերու ցուցադրութեան վայր է: Եկեղեցւոյ եւ Առաջնորդարանի բակին մէջ  տեղադրուած են հայկական խաչքարեր, հնագոյն եկեղեցիներու քանդակներ, մէկ խօսքով` իւրօրինակ թանգարան է բաց երկնքի տակ:

Հարց, որ աւանդաբար կը յղեմ հոգեւորական զրուցակիցներուս. հեռուն գտնուելով` կարօտի ինչ զգացումներով կը համակուիք դէպի միածնաէջ մայրավանքը:

-Ի հարկէ, կարօտի զգացումը միշտ կ’ուղեկցի ինծի. չէ՞ որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը իմ տունս է, ուր ապրած եմ պատանեկութիւնս եւ հոգեւոր կրթութիւն ստացած:

Որպէս Հայոց Բեթղէհէմ` հաւատացած եմ, որ Մայր Տաճարը յաւերժական փարոսի պէս իր լոյսը կը սփռէ ամբողջ աշխարհի մէջ` ջերմացնելով համայն հայութեան սրտերը:

Զրուցեց Գէորգ Չիչեան

 

Scroll Up