Տեղի Ունեցաւ Յակոբ Գասարճեանի «Նուիրում ՌԱԿ-ի Ճամբով. Յիսնամեայ Գործունէութեան Արձանագրութիւն» Գիրքի Շնորհանդէսը
Յուլիս 5-ին Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի նախաձեռնութեամբ եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ Երեւանի Թէքէեան Կեդրոնի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ, Լիբանանի խորհրդարանի նախկին անդամ, Թէքէեան մշակութային միութեան հիմնադիրներու մարմնի ատենապետ, Ճարտարապետ Յակոբ Գասարճեանի «Նուիրում ՌԱԿ-ի Ճամբով Յիսնամեայ գործունէութեան Արձանագրութիւն» գիրքի շնորհանդէսը, որուն կը մասնակցէր ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան: Շնորհանդէսը կազմակերպուած էր «Զարթօնք» օրաթերթի 80-ամեակին առիթով կազմակերպուող ձեռնարկներու ծիրէն ներս:
Գիրքի նիւթերը հաւաքած, ամբողջացուցած եւ խմբագրած Է ՀԲԸՄ հայաստանեան ներկայացուցչութեան փոխտնօրէն Յովիկ Եորդեքեան: ժողովածուն կ’ընդգրկէ Գասարճեանի` տարբեր տարիներու գրառումները, նօթերը, անձնական արխիւը եւ մամուլի մէջ լոյս տեսած նիւթերը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Զարթօնք» օրաթերթի երկարամեայ աշխատակից Ճեննի Գրիգորեան-Բարսեղեանը:
Սերժ Սրապիոնեան փոխանցեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը եւ շնորհաւորանքը, ապա կարեւոր համարեց սփիւռքահայ գործիչի ազգանուէր գործունէութիւնը, ան նշեց, որ Սփիւռքի պատմութեամբ հետաքրքրուողներուն համար ժողովածուն հարուստ սկզբնաղբիւր կրնայ դառնալ:
ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անունէն ողջոյնի խօսքը ընթերցեց ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Յակոբ Անդրէասեան:
Գիրքը ներկայացուց քաղաքական գործիչ Վիգէն Խաչատրեան: Ան նշեց, որ. «Նուիրում ՌԱԿ-ի Ճամբով Յիսնամեայ գործունէութեան Արձանագրութիւն» գիրքը իւրայատուկ յուշագրութիւն է, որուն մէջ ամփոփուած է Յակոբ Գասարճեանի շուրջ կէսդարեայ ազգային-քաղաքական եւ միութենական-կուսակցական գործունէութիւնը, գիրքն իր իւրայատուկ տեղը կը գրաւէ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան պատմութեան մէջ եւ աւելցուց. «Գասարճեան իր գիրքին մէջ պատմութեան համար տուած է իր գործունէութեան կարեւորագոյն հանգրուանները, որոնք կ’առնչուին իր ընտանիքին, ՀԷԸ-ին, ՀԲԸՄ-ին, ՌԱԿ-ին, կուսակցութեան ներքին խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն, ԹՄՄ-ին, Հայրենիքին, Արցախին եւ լիբանանեան քաղաքական կեանքին»:
Այնուհետեւ խօսեցաւ գիրքի խմբագիր Յովիկ Եորդեքեան: Ան ներկայացուց մանրամասնութիւններ կատարուած աշխատանքին, գիրքի կայացման ողջ գործընթացքին մասին:
Աւարտին ելոյթ ունեցաւ գիրքին հեղինակը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ անձամբ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, ապա «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանին ձեռնարկը կազմակերպելու եւ գիրքը հանրահռչակելու համար: