«Մեր Մեծերը» Ծրագիրի Ծիրէն Ներս Մրցախաղ` «Տաթեւ» Դպրոցին ՄԷջ

Մարտ 20-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մեր մեծերը» ծրագիրի ծիրէն ներս «Տաթեւ» դպրոցին մէջ 7-9-րդ դասարաններ յաճախողներուն միջեւ իրականացուեցաւ մրցախաղ: Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն դպրոցէն` այն ընթացաւ երեք փուլով: Դահլիճին մէջ հայաշունչ մթնոլորտ էր: Հնչեցին տարաբնոյթ եւ հետաքրքիր հարցեր, որոնք կը բացայայտէին մեր մեծերու վերաբերեալ գիտելիքները: Առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձուած էր հայապահպան կարեւոր օճախին` Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան: Հետեւողները ներկայացուցին նաեւ իրենց պատրաստած թեմատիկ պաստառը:
Հնչեց հատուած հայ ազգային օփերայի արուեստի հիմնադիր Տիգրան Չուխաջեանի «Արշակ Բ» օփերայէն, ցուցադրուեցան ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի կտաւները:
Հանդիսատեսը տպաւորուած էր. հետեւողներու պատասխանները սպառիչ էին, գիտելիքները` հիմնաւոր: