Պոսթընի Սուրբ Ստեփանոս Ազգային Ամէնօրեայ Վարժարանի Տնօրէն Հուրի Պոյամեանը Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն
Յուլիս 4-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Պոսթընի Սուրբ Ստեփանոս ազգային ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէն Հուրի Պոյամեանը, հետաքրքրուեցաւ կրթական հաստատութեան ընթացիկ գործունէութեամբ, առկայ խնդիրներով ու ծրագիրներով:
Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց Սփիւռքի մէջ հայկական կրթօճախի դերն ու նշանակութիւնը երիտասարդ սերունդի հայեցի կրթութեան, հայապահպանութեան գործին մէջ, ընդգծեց, որ ինքնութեան պահպանման, համահայկական հարցերու շուրջ համախմբուելու, միասնական ըլլալու համար անհրաժեշտ է ամրացնել կապը Հայրենիքի հետ, աւելի աշխոյժ մասնակցելու նախարարութեան ծրագիրներուն: Նախարարը ներկայացուց սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագիրը, «Սփիւռք» ամառնային դպրոցը, «Կ’երգենք Կոմիտաս» եւ «Նայիրի» փառատօնները, հրաւիրեց մասնակցելու «Հայաստան-Սփիւռք» համահայկական 6-րդ համաժողովին:
Հուրի Պոյամեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, ներկայացուց Սուրբ Ստեփանոս ազգային ամէնօրեայ վարժարանի յաջողութիւնները, առկայ խնդիրներն ու ծրագիրները:
Քննարկուեցան դասագիրքերու, հայոց լեզուի եւ ինքնութեան պահպանութեան հետ կապուած հարցեր: