«Aeroflot»-ը Օդանաւ մը Առնօ Բաբաջանեանի Պատուին Անուանակոչած է

ՌԴ փոխադրամիջոցներու նախարարութեան որոշումով` Aeroflot թռիչքուղիներու ընկերութիւնը, իր օդանաւներէն մէկը անուանակոչած է ի պատիւ յայտնի երաժշտահան Առնօ Բաբաջանեանի:
Վկայակոչելով Rusarminfo-ն՝ Artsakhpress.am-ը կը հաղորդէ, թէ Յունիս 29-ին «A. BABAJANYAN» գրութեամբ Boeing 777-ը ժամանած է ընկերութեան թռիչքներու դաշտ:
Որոշումը ընդունուած է Առնօ Բաբաջանեանի յիշատակի միջազգային հիմնադրամին կողմէ եղած դիմումին հիման վրայ:
Հիմնադրամի հիմնադիր, երաժշտահանի որդի Արա Բաբաջանեանի խօսքով` այդ մասին որոշումը նախարարութիւնը ընդունած է դիմումը ստանալէն մօտ մէկ ամիս ետք:
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ օդանաւը կը հանդիսանայ հեռամագիստրալային, անիկա պիտի իրականացնէ միջմայրցամաքային չուերթներ: