Մեկնարկեց ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «Արի Տուն» Ծրագիրի 2017թ.Առաջին Փուլը

Յունիս 19-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագիրի 2017թ. առաջին փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն կը մասնակցի 163 սփիւռքահայ պատանի ու աղջիկ  7 երկրէ` Ռուսաստանէն, Ուքրանիայէն, Վրաստանէն, Ղազախստանէն, Գանատայէն, Քուէյթէն, Սուրիայէն եւ Ֆրանսայէն:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:  Ան նշեց, մինչ այդ` ապրիլ 10-20  «Արի տուն» ծրագիրի յատուկ փուլով Հայաստան այցելած էին 66 պատանի ու աղջիկ  Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքի «Ս. Մեսրոպ-Արապեան», Փարիզի «Դպրոցասէր» եւ Մարսէլի «Համազգային» վարժարաններէն` 10 ուսուցիչի ուղեկցութեամբ:

«Սիրելի՛ արիտունցիներ, բարով էք եկել Հայրենիք: Շնորհակալ ենք ձեր ծնողներին, ուսուցիչներին, որ վստահեցին եւ Հայաստան ուղարկեցին ձեզ` մասնակցելու հայրենաճանաչութեան այս լաւագոյն ծրագրին: Հիւրընկալ ընտանիքներում 9 եւ ճամբարային 5 օրերի ընթացքում դուք կ’այցելէք Հայաստանի պատմական ու տեսարժան վայրեր, թանգարաններ, հանդիպումներ կ’ունենաք պետական, հասարակական, մշակութային գործիչների հետ: Հայաստանում սովորէք, կատարելագործէք Ձեր Մայրենին եւ յիշէք, որ միայն լաւ մարդ  եւ մրցունակ մասնագէտներ դառնալով կը կարողանաք ստեղծել ձեր արժանապատիւ ապագան եւ ձեր լուման կը ներդնէք Հայրենիքի շէնացման գործին»:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց պատկան գերատեսչութիւններուն եւ համայնքային ծառայութիւններուն` «Արի տուն» ծրագիրի մասնակիցներուն Հայաստանի մէջ յաւուր պատշաճի ընդունելու, տեղաւորելու, անոնց անվտանգութիւնն ու ժամանցը կազմակերպելու համար:

Այնուհետեւ նախարարը աւանդոյթի համաձայն «Արի տուն» ծրագիրի տարբերանշանով շապիկը հագցուց ծրագիրի ամենակրտսեր մասնակցին` Քուէյթի ազգային վարժարանի սան Ապութ Ղտէին:

Շնորհակալութիւն յայտնելով մշտական ջերմ ընդունելութեան համար` ՌՀՄ Գրասնոտարի մասնաճիւղի կրթական խորհուրդի ղեկավար Կարինէ Եսայեան նշեց. «Արի տուն» ծրագիրը Հայրենիք-Սփիւռք կապերու մերձեցման իրական հնարաւորութիւն է: Սիրելի՛ տիկին Յակոբեան, շնորհակալ ենք Ձեզի` ծրագիրին մասնակցելու հնարաւորութիւն ընձեռելու համար: Գրասնոտարի երկրամասի հայ պատանիներն ու աղջիկները  քանի մը տարի շարունակ ոգեւորութեամբ կը մասնակցին եւ դեռ կը մասնակցին  ծրագիրին»:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Ղազախստանի մասնակից Լուսինէ Սարգսեան` նշելով, որ իրեն հետ պիտի տանի Հայաստանի մէջ ունեցած  ջերմ եւ անկրկնելի տպաւորութիւնները: Աթըրաուի դպրոցի սաները (Ղազախստան)` տնօրէն Ալեսանտ Կարապետեանի գլխաւորութեամբ խօսեցան ծրագիրի կարեւորութեան մասին եւ ընդգծեցին, որ այսուհետ մշտապէս պիտի մասնակցին ծրագիրին:

Այնուհետեւ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Երախտագիտութեան մետալով պարգեւատրեց Արարատի մարզի «Արի տուն» ծրագիրի պատասխանատու Ատիբէկ Խուրշուտեանին:

Ասմունքով եւ ազգային երգերու կատարումներով հանդէս եկան Քուէյթէն Մարիա Ղտեն, Ռուսաստանէն Արփինէ Բակունցը, Կարինա Եսայեան եւ Հրաչ Շահինեան: Պարային համար ներկայացուցին Ախալքալակի Բարալեթ գիւղի դպրոցի պարախումբի աղջիկները:

 

Scroll Up