Փարիզի ՄԷջ Երկու Օր Կը Ցուցադրուի «Թումանեանի Հեքիաթները»

Պելճիգայի  Օսթենտ քաղաքին մէջ կայացաւ «Թումանեանի հեքիաթներ» խորագիրով հայկական ներկայացումը`  Փարիզի «Bonheur Retrouvռ» («Վերագտնուած երջանկութիւն») կազմակերպութեան թատերախումբին կողմէ: Այս մասին «Իրաւունքին» տեղեկացուց «Bonheur Retrouvռ» կազմակերպութեան խօսնակ, Ֆրանսայի մէջ յայտնի «Այբ FM» ռատիօկայանի լրագրող, հաղորդավար Արտակ Թադեւոսեան:

«Բեմադրութեան մէջ ներգրաւուած դերասանները պելճիգահայ փոքրիկներուն ներկայացուցին թումանեանական շուրջ չորս հեքիաթ` «Ամբան Հուռին», «Սուտասանը», «Կիկոսի մահը» եւ «Անխելք մարդը»: Ներկայացումը լայն արձագանք գտաւ եւ մեծ ոգեւորութեամբ ընդունուեցաւ: Աւելին`  շարք մը նոր առաջարկներ  ստացած ենք եւ ներառեալ` տեղի կազմակերպութիւններէն մէկուն հետ արդէն իսկ նախնական պայմանաւորուածութիւն  ձեռք բերած ենք` Ամանորին նուիրուած նոր ներկայացմամբ մը կրկին ՊԵլճիգա վերադառնալու», – ըսաւ Ա. Թադեւոսեան:

Մեր զրուցակիցը նաեւ նշեց, որ «Թումանեանի հեքիաթներ» թատերական ներկայացման յաջորդ կանգառը կ´ըլլայ Փարիզի մէջ. «Յունիս 9-ին այն կը ցուցադրուի Փարիզի Թարգմանչաց դպրոցին մէջ, իսկ յունիս 10-ին` Փարիզի հայկական եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ: Առիթէն օգտուելով` կ´ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել «Bonheur Retrouvռ» կազմակերպութեան նախագահ Հայկ Մելիքեանին, որուն շնորհիւ ստեղծուեցաւ այս թատրոնը, դերասանուհի Արմինէ Գաբրելեանին, առանց որուն բեմադրութիւնը, պարզապէս, չէր ըլլար, ինչպէս նաեւ դերասաններ Սիլվի Պարկովին, Ռուզաննա Մաթեւոսեանին, Հայկ Կոտանեանին, Ֆրունզէ Գէորգեանին, Կորիւն Հարոյեանին, եւ, ի հարկէ, փոքրիկ Մարգուշիկին ու Ռաֆայէլին, որոնց դերակատարութիւնը առանձնայատուկ համ ու հոտ  կու տայ ներկայացման»:

Նիւթը` Հրանդ Սաֆարեանի

 

Scroll Up