Տեղի Ունեցաւ Լրագրողներու Համահայկական Համաժողովները Համակարգող Մարմնի Հերթական Նիստը

Յունիս 8-ին Սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմնի հերթական նիստը, որ կը վարէր «Ազդակ» (Լիբանան) օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմնի նախագահ Շահան Գանտահարեան: Նիստին կը մասնակցէին Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ Տիգրան Յարութիւնեան, ԵՊՀ լրագրութեան բաժանմունքի տնօրէն Նաղաշ Մարտիրոսեան, ԵՊՀ լրագրութեան բաժանմունքի  դասախօս, «Հայկական Փիար ասոցիացա» ՀԿ-ի նախագահ Աստղիկ Աւետիսեան, նախարարութեան աշխատակիցներ:

Նիստին հեռակապով միացած էին Արցախի Լրագրողներու միութեան նախագահ Կիմ Գաբրիէլեան,  «Օրեր» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան (Չեխիա), «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան (Լիբանան), «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան (Իրան), «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան (Գանատա), «Նոյեւ Կովչեգ» համառուստանեան հայկական ամսաթերթի գլխաւոր խմբագիր Գրիգոր Անիսոնեան, «Արմենիա» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Գէորգ Ռուբէն Գազանճեան (Արժանթին), «Պայքար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Վարդիվարեան (ԱՄՆ):

Մասնակիցները նիստի մեկնարկին իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին երէկ Իրանի մէջ իրականացուած ահաբեկչական գործողութիւններու  կապակցութեամբ:

Ողջունելով հիւրերը` Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակիցներուն գործուն աջակցութեան համար եւ շնորհաւորեց «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեանը «Մովսէս Խորենացի» մետալով պարգեւատրուելու առթիւ:

Այնուհետեւ ներկաները քննարկեցին 2017 թուականի սեպտեմբեր 18-20 կայանալիք Հայրենիք-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի լուսաբանման հետ կապուած շարք մը հարցեր: ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մամուլի եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Էւելինա Բաղդասարեան ներկայացուց Հայրենիք-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի լուսաբանման ծրագիրը, որուն վերաբերեալ հնչեցին առաջարկութիւններ եւ դիտարկումներ: «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան կարեւոր համարեց համաժողովի ուղիղ հեռարձակումը օնլայն հարթակներու վրայ եւս:

Մասնակիցները անդրադարձան նաեւ Հայրենիք-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովին օտար լրատուամիջոցներու մէջ աշխատող հայազգի լրագրողներու մասնակցութեան խնդրին:

Նիստին ընթացքին կարեւոր համարուեցաւ համահայկական հիմնախնդիրներու ներկայացումը տեղեկատուական հարթակի վրայ: «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան մասնաւորապէս նշեց. «Պէտք է աւելի զարգացնել պետականակեդրոն մտածողութիւնը հայաստանեան եւ Սփիւռքի լրատուամիջոցներու եւ լրագրողներու ծիրէն ներս, եւ լրատուութիւնը ծառայեցնել նախ եւ առաջ Հայրենիքի բարօրութեան»:

Մասնակիցները ներկայացուցին իրենց առաջարկութիւններն ու դիտարկումները, որոնք կը նպաստեն Հայրենիք-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի ամբողջական եւ համապարփակ լուսաբանման կազմակերպման:

Նիստին աւարտին քննարկուեցան ընթացիկ հարցեր:

1-1 2-1

 

Scroll Up