Այս Գիտաժողովները Նաեւ Հայօճախները Լուսարձակի Տակ Դնելու Նպատակ Կը Հետապնդեն.Դոկտ. Տագէսեան.

Վերջերս Պէյրութի Հայկազեան համալսարանէն ներս տեղի ունեցաւ «Իրաքի հայերը» գիտաժողովը, 3 օր երկարող գիտաժողովը կը բաղկանար ութ նիստերէ որոնց ըբնթացքին 34 զեկոյցներ ներկայացուեցան, ինչպէս նաեւ իրիկնային հրապարակային դասախօսութիւններ եւ շնորհանդէսներ:
Հայկազեան համասլարանի` Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի տնօրէն` դոկտ Անդրանիկ Տագէսեանի հետ «Հայերն այսօր»–ը զրուցեց գիտաժողովի ընթացքին եւ Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութիւններուն մասին:
Դոկտ. Տագէսեան «Իրաքի հայերը» գիտաժողովը յաջողած կը համարէ՞ք
– Գիտաժողովի վերջնական արդիւնքները յայտնի կ’ըլլան գիրքի մէջ նիւթերը հաւաքելէ ետք, երբ գիրքը լիարժէք ներկայացուի, ամէն պարագայի առ այժմ գոհ եմ, արդիւնքները լաւ էին, ներկաները խանդավառ ու ջերմ էին, գնահատեցին եղածը:
Ձեր ուսումնասիրութիւններու ծիրէն ներս հնարաւոր է արդեօք Միջին Արեւելքէն դուրս գալ դէպի Հնդկաստան, Չինաստան, ուրիշ տարածաշրջաններ
– Ըսեմ, որ յաջորդը Եգիպտոս-Սուտան-Եթովպիոյ հայերը պիտի ըլլայ, անկէ ետք պիտի անցնինք Կիպրոս եւ Յունաստան, յետոյ Ծոցի երկիրներ` ԱՄԷ, Պահրէյն այդ շրջանը ամբողջութեամբ, յառաջիկային նաեւ կը ծրագրենք արեւելեան Եւրոպայի եւ ափրիկեան երկիրներ , բայց տակաւին հարցական են, քանի որ կ’ուզենք այս տեսակի ուսումնասիրութիւններու շարքը վերջացնել եւ անցնիլ ուրիշ տեսակի գիտաժողովներու..
Այս տարի չորրորդ համայնքն էր, մօտէն առընչութիւն ունեցաք չորս երկիրներու հայ համայնքներուն հետ, արդեօք նկատեցիք համայնքներուն միջեւ տարբերութիւններ, պայմանաւորուած իրենց ապրած երկիրներուն հետ
– Այդ առումով երեւի պատասխան չունիմ, չեմ մտածած այդ մասին, բայց կրնամ ըսել որ երեք երկիրներ` Իրաքը, Սուրիան եւ Լիբանանը որոշ տարբերութիւններով անցումային հանգրուանը շեշտուած էր, անորոշ վիճակի մէջ են, Յորդանանի համայնքը կարծես որոշ կայունութիւն մը ունէր 60-ական թուականներէն: Այս գիտաժողովները նաեւ նպատակ կը հետապնդեն լուսարձակի տակ դնելու հայկական գաղթօճախները , ցանց ընդարձակելու եւ փոխադարձաբար քաջալերելու զիրար, թիկունք կանգնելու, այս համաշխարհայնացման հանգրուանին, արդէն սահմանները մեծ արժէք չեն ներկայացներ, այլեւս պէտք է մտածենք ոչ միայն Լիբանանի հայճօխին մասին այլեւ Միջին Արեւելքի ամբողջութիւնը տեսնենք:
Դոկտ, Տագէսեան, այս գիտաժողովներուն միտքը ինչպէս ծագեցաւ, արդեօք պատերազմները, անկայուն վիճակը, որ թերեւս այս շրջանի հայօճախներու նօսրացման պատճառ կրնան դառնալ
– Մենք գիտաժողովներուն մասին մտածեցինք 2011-ին, երբ տակաւին Սուրիոյ տագնապը գոյութիւն չունէր եւ Իրաքը համեմատաբար հանգիստ էր, մենք ուզեցինք գիտական, ագատեմական կերպով ուսումնասիրել պատմութիւնը , քանի որ 1975 թուականէն այս երկիրներու հայ համայնքները կը պարպուին հետեւաբար երթալէն դժուար կ’ըլլայ հետազօտութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ պատրաստելը, մենք մտածեցինք յետ եղեռնեան հանգրուանը ուսումնասիրել, որ աւելի հեշտ է, մենք փորձ մը կատարեցինք եւ այս առումով որոշ իրագործում մը ըրինք, չեմ ըսեր որ շատ գոհ եմ, բայց մենք ճիգ մը ըրինք, որ կրնայ խթան հանդիսանալ ուրիշներուն , որ մտածեն այս մասին, արխիւայնացնեն նիւթերը, եթէ մենք աւելի մեծ հնարաւորութիւններ ունենայինք աւելի մեծ ծիրի մէջ կը գործէինք, ոչ միայն գիտաժողովներ այլ թուայնացման, միայն Լիբանանի մէջ 250-է աւելի հայկական թերթ եղած է, անոնցմէ քանի մը հատը միայն թուայնացուած են. եւ ատիկա մեր ճիտին պարտքն է, այսինքն Միջին Արեւելքի հայութեան պարտքը, երանի այդ նիւթական միջոցները ունենայինք եւ այդ ամբողջը ընէինք, յուսանք որ կացութիւնը կը փոխուի, կը բարելաւուի եւ մարդիկ կ’անդարադառնան այս առաքելութեան կարեւորութեան:
Շնորհակալութիւն Ձեր գհանատելի աշխատանքին եւ յաջողութիւն Ձեր հայանպաստ առաքելութեան:
Սօսի Աւագեան