Շուշիի Ազատագրման 25-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ` Լիեժ Քաղաքին ՄԷջ

Մայիս 27-ին Պելճիգայի թագաւորութեան Լիեժ քաղաքին մէջ  տեղի ունեցած է Շուշիի ազատագրման 25-ամեակին նուիրուած երեկոյ` «Դրախտի շունչը» խորագիրով:

  Երեկոյի բացման խօսքին մէջ «Արաքս» մշակութային կեդրոնի տնօրէն Հերմինէ Ազարեան հանդիսատեսին ներկայացուցած է  Արցախի, անոր ստեղծման պատմութիւնն ու անցած ուղին` մինչեւ մեր օրերը: Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Պոլճիգայի թագաւորութեան մէջ ՀՀ դեսպանութեան խորհրդական Իրինա Բեգլարեան:

Երեկոյին ընթացքին ներկայացուած է «Արցախ» եւ Գեղամ Մելիքեանի «Հերոսներ-հանճարներ» ցուցահանդէսները` նուիրուած արցախեան հերոսամարտերուն :

Այնուհետեւ հանդիսատեսին ուշադրութեան ֆրանսերէն լեզուով  ներկայացուեցաւ «Մեր Արցախը» կարճամեթրաժ փաստագրական ֆիլմը:Երեկոյի գեղարուեստական մասը ներկայացուցին  Պելճիգայի  եւ եւրոպական շարք մը երկիրներու մէջ յայտնի երաժիշտներ Նառա  Նոյեանն ու Վարդան Յովհաննիսեանը:

Երեկոյի աւարտին  Հերմինէ Ազարեան «Արաքս» մշակութային կեդրոնի  անունէն շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հիւրերուն եւ մասնակիցներուն, ձեռնարկին աջակիցներուն` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Պելճիգայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան,  Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակին, երաժիշտներուն եւ կամաւորներուն:

aaaaa

Scroll Up