Երեւանի ՄԷջ Բացուեցաւ Վիրահայ Արուեստագէտ Արմէն Յովհաննիսեանի Անհատական Ցուցահանդէսը
Մայիս 24-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Վիրահայոց Թեմի աջակցութեամբ Տիկնիկներու պատկերասրահի «Dolls’ Gallery» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վիրահայ արուեստագէտ Արմէն Յովհաննիսեանի «Տիկնիկներու աշխարհ» անհատական ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Ողջունելով ներկաները` Տիկնիկներու պատկերասրահի գեղարուեստական ղեկավար Մարինա Խաչմանուկեան նշեց, որ իրենց համար կրկնակի տօն է, քանի որ պատկերասրահին մէջ առաջին անհատական ցուցահանդէսը կազմակերպուած է:
Փոխանցելով ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը` նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան ընդգծեց, որ Արմէն Յովհաննիսեանի տիկնիկներն ամբողջութեամբ հայկական են: «Ապրելով եւ ստեղծագործելով երբեմնի հայ մշակոյթի կենտրոն Թբիլիսիում` Արմէնն իրեն լաւագոյնս դրսեւորել է արուեստի համարեայ բոլոր բնագաւառներում եւ բազմիցս արժանացել բարձր գնահատականի, սակայն արուեստի նրա սիրած ճիւղը տիկնիկագործութիւնն է: Մինչ օրս Արմէնը ստեղծել է 200-ից աւելի տիկնիկ եւ հասցրել է իր լաւագոյն գործերը ներկայացնել արուեստասէր հասարակութեան գնահատանքին` ինչպէս Վրաստանում, այնպէս էլ նրա սահմաններից դուրս կազմակերպուած տարբեր միջոցառումների եւ ցուցահանդէսների ժամանակ, – նշեց նախարարի տեղակալը` աւելցնելով, – այսօրուայ ցուցահանդէսը հայ-վրացական բարեկամութեան մի իւրօրինակ արտայայտութիւն է, քանի որ Արմէնի ստեղծած խօսուն տիկնիկների հաւաքածուն Հայրենիքում է եւ ներկայանում է հայաստանցի հանդիսատեսին թիֆլիսեան ինքնատիպ կոլորիտով: Հեղինակը իւրովի է կերտել Փարաջանովի, Թումանեանի, Կոմիտասի կերպարները: Ուրախալի է, որ Արմէնը երիտասարդ է եւ ունի բազմաթիւ նոր մտայղացումներ ու նախաձեռնութիւններ»:
Սերժ Սրապիոնեան տիկնիկագործ Արմէն Յովհաննիսեանին յանձնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուոգիրը, որմով ան պարգեւատրուած է վիրահայ համայնքէն ներս հայ մշակոյթի զարգացման ու տարածման գործին մէջ ներդրման համար, ինչպէս նաեւ ծննդեան 30-ամեակին առթիւ:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ ՀԱԵ Վիրահայոց թեմի Սբ. Էջմիածին եկեղեցւոյ կից գործող «Հայարտուն» կրթամշակութային եւ երիտասարդական կեդրոնի տնօրէն Լեւոն Չիդիլեան` նշելով, որ Արմէնի այս ցուցադրութիւնը խորհրդանշական է: Այն կը վկայէ, որ վիրահայերու տաղանդը նոր ծիլեր կու տայ եւ յառաջիկային կեանքի կը կոչուի հեղինակի` շրջիկ տիկնիկային թատրոն ստեղծելու մեծ երազանքը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ցուցադրութեան աջակցելու համար` ՀԱԵ Վիրահայոց Թեմի Առաջնորդ Տէր Վազգէն Եպիսկոպոս Միրզախանեան ըսաւ. «Կը կարծեմ` ոչ բարի տիկնիկներ չեն ըլլար: Այս սրահը մեզի տարաւ դէպի մեր մանկութիւն: Արմէն Յովհաննիսեան նաեւ բանաստեղծ է եւ հրաշալի ստեղծագործութիւններու հեղինակ: Անոր տիկնիկներն արժանացած են նաեւ վրացիներու ուշադրութեան ու հիացմունքին, տեղ գտած եւ՛ վրացական, եւ՛ հայկական տիկնիկներու թանգարաններուն մէջ»
Ձեռնարկին աւարտին ելոյթ ունեցաւ հեղինակը` Արմէն Յովհաննիսեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն` իր ստեղծագործութիւնները Երեւանի մէջ ներկայացնելու համար եւ ընթերցեց իր բանաստեղծութիւններէն մէկը: «Ես չեմ ուզեր խօսիլ: Կ´առաջարկեմ դիտել իմ տիկնիկներս, անոնք կը խօսին իմ փոխարէնս», – նշեց հեղինակը:
Նշենք, որ ցուցահանդէսը կը տեւէ մինչեւ մայիս 27: