Լինա Գագիկեան. Ճանչնանք Այս Շնորհալի Հայուհին

Հայոց պատմութեան էջերուն ոսկեդրոշմով կնքուած են  հայ ոսկեձեռիկ վարպետներու` ծաղկողներու, խաչքարագործներու, նկարիչ-քանդակագործներու, գորգագործներու, ոսկերիչներու, ճարտարապետներու, շինարարներու անունները: Աստուած ի վերուստ աշխարհաշէն առաջին ժողովուրդին` հայերուն, բազում շնորհներով  օժտած է. դեռեւս վաղ դարերէն հայուն շնորհաշատ ձեռքերն ու ստեղծագործ միտքը, ատոր աւելցուցած` աշխատասիրութիւնը, դարձած են աշխարհաճանաչ գործերու խորհրդանիշներ… Այսօր ալ, մեր ժամանակներուն մէջ, բարեբախտաբար, մշտահոս է երկունքի այս զուլալ աղբիւրը, անհատնում հայու շնորհքը:

…Նկարչուհի Լինա Գագիկեան անոնցմէ մէկն է, որ իր հեղինակային հրաշալի գործերով` զարդերու ստեղծման, բազմազան գծագրական  ուրուագիծերու մշակմամբ, ասեղով մետաղի վրայ եղած նկարչութեամբ իր ուրոյն տեղը  գրաւած է մեր հայ արուեստի ոլորտին մէջ: Նայելով անոր ինքնատիպ աշխատանքները` չես կրնար ատոնք շփոթել մէկ ուրիշի ձեռագիրին հետ: Լինան կրցաւ կայանալ ստեղծագործ մտքի թռիչքներու եւ անսահման աշխատասիրութեան ու նուիրումին շնորհիւ: “PiaFchik handmade”-ի ուրոյն աշխատանքներու հեղինակ Լինա Գագիկեան կը ստեղծագործէ նմանը չունեցող, եզակի օրինակով զարդեր, որոնց պատրաստումը յամառ ու երկարատեւ աշխատանք, մասնագիտական կարողութիւններ եւ խորագիտութիւն կը պահանջեն: Ան իւրաքանչիւր զարդի վրայ նկարչութիւն կ’ընէ. ասեղով նկարելով, փորագրելով մետաղի վրայ, այնուհետեւ խորացնելով ստացուած ակօսիկները, ստեղծելով թթուային միջավայր` ատոնք կը գունաւորէ, որպէսզի տուեալ ստեղծագործութիւնը նմանուի հնաբոյր, արծաթականաչի խփող զարդերուն: Աշխատանքները չեն ձուլուիր, չեն կրկնօրինակուիր. Լինայի ստեղծագործութիւնները մէկական օրինակ են, եւ որեւէ մէկուն պարանոցին, ձեռքին չէք տեսներ նոյն զարդերէն:

17

…Արուետսագէտ, նկարիչ, քանդակագործ կոչումը շատ պարտաւորեցնող է. եւ ամէն մարդ, որ այսօր կրնայ  քանի մը ուլունքով եւ զանազան մանրամասնութիւններով նմանատիպ, պարզունակ գործերով ներկայանալ իբրեւ ստեղծագործող` ատիկա մասնագիտացուած ըլլալէ  շատ հեռու սիրողական աշխատանք է:

“PiaFchik”-ի մօտ առանձնապէս ցայտուն  դրսեւորուած է իւրաքանչիւր աշխատանքի հանդէպ անոր անհատական մօտեցումը, պատասխանատուութիւնն ու սէրը: Անոր համար սիրած աշխատանքը լոկ պարտականութիւն, պատուէր չէ, այլ նաեւ` այդ շրջանակներէն դուրս  աշխարհ մը, որուն հեղինակը կտրուած է երկրային, առօրեայ կենցաղային կեանքէն, աշխարհ մը, ուր կը թագաւորեն գոյները, նախշերը, գիծերն ու ձեւերը… Ատոնց մեծ մասին մէջ արուեստագէտը հայադրոշմ, ազգային նախշազարդերով կ’առաջնորդուի: “PiaFchik” հեղինակային ձեռագործ զարդերու հիմնադիր, նրբագեղ, երիտասարդ ու համեստ հայուհին կ’աշխատի, կը ստեղծագործէ` առանց մտածելու փառքի մասին, իսկ ճանաչումն ինքն կ’երթայ իր հետքերով: Հեղինակութիւնն ու ճանաչումը կու գան ժամանակի ընթացքին: Կու գան` փաստելու, որ մարդու մտքի ու ձեռքի ստեղծագործ տքնանքն ի զուր չանցնիր, որ լաւագոյն գնահատականը կը գտնէ հասցէատիրոջը եւ իբրեւ արժանի պարգեւ` կը տրուի անոր: Անշուշտ, աշխատանքային յաջողութիւններու գրաւականներէն մէկն ալ Լինայի ստացած նկարչական կրթութիւնն է նաեւ: Լինայի ձեռքի իւրօրինակ աշխատանքներուն մէջ թերեւս կը գերակշռեն կապոյտով, փիրուզագոյնով, արծաթագոյնով եղած ապարանջանները, կախազարդերը, ականջօղերը, մատանիները, կրծքազարդերը, որոնք գրեթէ բոլորն ալ հայկական ազգային մասնիկներ ունին, կը յիշեցնեն մեր թռչնակերպ, նռնաձեւ ժայռապատկերները: Ատոնց մէջ  կարծես կը յառնին Թորոս Ռոսլինի, Սարգիս Պիծակի եւ մեր ոսկեձեռիկ միւս հայ վարպետներու մանրանկարները: “PiaFchik”-ի աշխատանքներուն պէտք է նայիլ ոչ որպէս սոսկ ապարանջան կամ ականջօղ` դրուագուած հայկական ազգային պատկերներով. ատոնք  հայոց պատմութեան տարբեր դարաշրջաններ կը խորհրդանշեն, նաեւ կը յիշեցնեն հին Վանի թագաւորութեան պատկերներ: Կախազարդը կրնայ հայ կանանց կամ տղամարդոց պարերու շարան ըլլալ, ապարանջանն ունի ի՛ր պատմութիւնը, քարերն ալ հէնց այնպէս չեն ընտրուած, ատոնք ունին իրենց նախապատմութիւնը եւ ինչ-որ բան կը խորհրդանշեն:

Տիգրան Մեծ, Աստուածամայր` մանուկ Յիսուսը գիրկին, հայկական արդուզարդով հայուհիի դէմք, խաչապատկեր, առիւծապատկեր, հայ կնոջ, հայ մօր պատկեր, Հայկ նահապետի աղեղնաձիգ պատկերով դրուագուած մատանի, Անահիտ աստուածուհիի պատկերով դրուագուած վիզնոց, Յիսուսին խոցած գեղարդաձեւ ականջօղեր, գօտեճարմանդներ… ահա ասո՛նք են “PiaFchik”-ի` կարծես անձեռակերտ աշխատանքները, որոնք, ներկայացուելով տարբեր ցուցահանդէսներու, ներառեալ` բարեգործական, արժանացած են բարձր գնահատանքի եւ հիացմունքի: Հետաքրքիր են նաեւ կաշուէ ապարանջանները, դրամապանակները, որոնց վրայ անպայման որեւէ նախշազարդ կայ: Այդ զարդերէն եւ որեւէ մէկը չի կրկներ միւսին ոչ մէկ մասնիկ ու մանրուք:: Ատոնք էականօրէն շատ տարբեր են, սակայն նման են իրենց խորհրդաւորութեամբ ու հմայքով: Այն, ինչ կ’ընէ Լինա Գագիկեան, կը պահանջէ եւ՛ մասնագիտական կրթութիւն, եւ՛ ի վերուստ տրուած ձիրք, եւ՛ ժամանակի ընթացքին ձեռք բերած փորձառութիւն: Ան կեա՛նք, շու՛նչ կը հաղորդէ անխօս մետաղներուն եւ կը թուի` ատոնք կը խօսին մեր դարաւոր պատմութեան ու մշակոյթին մասին: Լինայի աշխատանքները կարելի է անուանել ասեղնագործ ու երգող մետաղներ: 2013-ին հիմնադրելով իր սեփական արուեստանոցը` Լինայի հեղինակային ձեռագործ զարդերը շատերը սկսան ճանչնալ եւ ձեռք բերել: Ատոնք եղած են հայ մանրանկարչութեան սկզբունքներով: Մինչեւ աշխատանքներուն կեանք հաղորդելը` Լինան կը ստեղծէ նաեւ ատոնց ուրուագիծերը: “PiaFchik Handmade”-ի հայադրոշմ զարդերը ցանկալի են բոլոր նրբաճաշակ մարդոց համար:

Լինան կը համագործակի ճանչցուած շատ ընկերութիւններու հետ եւ կ’ապրի նաեւ իր հետաքրքիր, իւրօրինակ «մոլորակին մէջ»` մասնագիտական հմտութիւններուն աւելցնելով նորարարական մօտեցումներ, ու այդ ամէնը զարգացնելով ազգային հենքի վրայ:

…Գովեստներէն խուսափող այս նայիրուհին` Լինա Գագիկեանը, իր աստուածաշնորհ պարգեւի ակունքն առաջին հերթին կը համարէ հայ ժողովուրդի հարուստ պատմութիւնը, որմէ կը սնուի եւ չի դադրիր ուսումնասիրել, չի դադրիր զարմանալ, հիանալ, նաեւ` հիացնել մեզ: Յուսանք, որ “PiaFchik Handmade”-ը միջազգայն շուկաներուն մէջ, ցուցահանդէսներուն մշտապէս իրեն արժանի մրցահարթակ կը գրաւէ:

Կարինէ  Աւագեան 

«Հայերն այսօր»

 

34

89 1014

18678811_1293007264153283_1419275730_n 18678868_1293007917486551_611010728_n

 

 

Scroll Up