Քալիֆորնիոյ Խորհրդարանը Պիտի Ֆինանսաւորէ Ուսուցիչներուն Համար Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Յատուկ Դասընթացները

Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանը որոշած է 16 մլն տոլար յատկացնել նախապէս նահանգային իշխանութիւններուն կողմէ հաստատուած Պատմա-սոցիալական գիտութեան վերաբերեալ ուսումնական ծրագիրի ֆինանսաւորումը, որուն ծիրէն ներս ուսուցիչները պիտի մասնակցին յատուկ դասընթացներու` Հայոց ցեղասպանութեան եւ այլ կարեւոր պատմական փաստերու վերաբերեալ: Այս մասին Asbarez-ի փոխանցմամբ` յայտարարած է Քալիֆորնիա նահանգի ծերակուտական Էնթընի Փորտանտինոն:
«Հայոց ցեղասպանութիւնը համաշխարհային պատմութեան ողբերգական ու կարեւորագոյն մասերէն է, որ կը շարունակէ հերքուիլ աշխարհի մէջ: Այնչափ կարեւոր է մեր դպրոցներուն մէջ այդ մասին յաւուր պատշաճի սորվեցնելը»,- մեկնաբանած է Փորտանտինոն:
2016-ին Քալիֆորնիոյ կրթութեան հարցերով նահանգային խորհուրդն ընդունած է Պատմա-սոցիալական գիտութեան վերաբերեալ ուսումնական ծրագիր` նախատեսուած հանրակրթական դպրոցներու ուսուցիչներուն համար: Ծրագիրին ծիրէն ներս ուսուցիչները պիտի մասնակցին յատուկ դասընթացներու, որոնց շնորհիւ կը կատարելագործեն Հայոց ցեղասպանութեան թեմայի վերաբերեալ ունեցած գիտելիքները: