ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Աւստրալիոյ Միաւորուած Եկեղեցւոյ Անդամները

Մայիս 18-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Աւստրալիոյ Միաւորուած եկեղեցւոյ անդամները` Աւստրալիոյ Հայ Աւետարանական Ընկերակցութեան նախագահ եւ Լոնգուիլի Սուրբ Էնտրիւ Միաւորուած եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ վերապատուելի Գրիգոր Եումաշճեկեանի գլխաւորութեամբ:

Ջերմօրէն ողջունելով հիւրերը` Սփիւռքի նախարարը կարեւոր նկատեց միջեկեղեցական կապերու դերը ժողովուրդներու փոխճանաչման եւ համագործակցութեան գործին մէջ, շնորհակալութիւն յայտնեց 2015թ. Միաւորուած եկեղեցւոյ համագումարին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունման համար: Ան մասնաւորապէս ըսաւ. «Ուրախ եմ, որ այսպիսի մեծ խմբով այցելել էք առաջին քրիստոնեայ երկիր: Վերջին շրջանում Հայաստան տեղափոխուած սիրիահայերի խնդիրների լուծման ուղղութեամբ, մենք աւելի ակտիւ ենք համագործակցում Աւետարանական Եկեղեցու հետ, ինչպէս նաեւ կրթութեան եւ մշակոյթի ոլորտներում: Մեծ ուշադրութիւն ենք դարձնում սահմանային գիւղերին, եւ ուրախ եմ, որ դուք որդեգրել էք Չորաթանը եւ փորձում էք օգնել: Յուսով եմ, որ դուք շրջագայելով Հայաստանում եւ Արցախում` կը ճանաչէք եւ կը սիրէք մեր երկիրը, ձեր տպաւորութիւններով ու ոգեւորութեամբ կը վարակէք բազմաթիւ աւստրալացիների, որպէսզի նրանք ոչ միայն այցելեն Հայաստան, այլեւ գան եւ ներդրումներ կատարեն մեծ հնարաւորութիւնների ու հեռանկարների երկիր Հայաստանում»:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Գրիգոր Եումաշճեկեան նշեց, որ Հայ Աւետրանական եկեղեցին Աւստրալիոյ մէջ Միաւորուած եկեղեցւոյ լիիրաւ անդամներէն է: Ան տեղեկացուց, որ այս այցելութիւնը դէպի Հայաստան կազմակերպուած է Լոնգուիլիի Սուրբ Էնտրիւ Միաւորուած եկեղեցւոյ միաբանութեան  անդամներու խնդրանքով: Ճամփորդութեան նպատակն է անմիջականօրէն առնչուիլ հայ ժողովուրդի մշակոյթին, այցելել Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր մարզերու պատմամշակութային վայրերը: Ան եւս համոզմունք յայտնեց, որ  հետեւելով այս խումբի օրինակին` Հայաստան բացայայտելու ճանապարհը կը բռնեն բազմաթիւ աւստրալացիներ, եւ յատկապէս` հայ համայնքի ներկայացուցիչները:

img_5075 img_5101

Scroll Up