Սուրիահայութեան Դիմագրաւած Մարտահրաւէրներուն Նուիրուած Դասախօսութիւն Կլենտէյլի Մէջ
Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան միացեալ մարմինին՝ SARF-ի նախաձեռնութեամբ, Հինգշաբթի, Մայիս 11-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի Տարեցներու կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական հանդիպում մը՝ նիւթ ունենալով Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Դասախօսն էր դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան, իսկ դասախօսութեան խորագիրը՝ «Դիմադրականութիւն, գաղթ եւ վերադարձ. Սուրիոյ հայութեան դիմաց կանգնող մարտահրաւէրներ»: Այս մասին կը հաղորդէ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթը։
Յանուն առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, հանդիպումին ներկայ եղաւ Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան: Հանդիսավարն էր SARF-ի վարչութեան անդամներէն Սոնա Մատարեան, որ առաջին հերթին հրաւիրեց Մհեր Տէր Օհաննէսեանը, զեկուցելու Անթիլիասի մէջ անցած Ապրիլի վերջերը տեղի ունեցած ժողովին մասին:
Մ. Տէր Օհաննէսեան, որ Արեւմտեան թեմի Ազգ. վարչութեան ներկայացուցիչն է SARF-ի վարչութեան մէջ, հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ Ապրիլ 29ին կայացած ժողովին մասին, որ համախմբած էր Կիլիկիոյ աթոռի թեմական եւ գաղութային ներկայացուցիչները, քննարկելու համար մասնաւորաբար Հալէպի այժմու վիճակը եւ մշակելու համար յառաջիկայ փուլի ծրագիրները:
Իր կարգին, դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ Սուրիոյ վիճակուած ահաւոր տագնապին, որ իր համապատասխան ազդեցութիւնը ունեցաւ երկրի հայկական գաղութին ու մասնաւորաբար Հալէպի շրջանին վրայ։ Ան նշեց, որ Թուրքիոյ կողմէ դար մը առաջ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւողութեամբ դէպքեր արձանագրուեցան եւ տակաւին կը շարունակուին այդ երկրին մէջ: Ան ըսաւ, որ թէեւ Հալէպի վիճակը որոշ բարելաւում արձանագրած է, ապահովութեան ու տնտեսական-ընկերային տագնապները չեն փարատած: Ան նաեւ նշեց, թէ հայութեան զօրակցութիւնը պիտի շարունակուի աղէտահար մեր գաղութին, որպէսզի անիկա կարենայ վերագտնել իր կենսունակ վիճակը: