Հալէպի Մէջ ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան Ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչման Գծով ՀՀ Արտաքին Քաղաքականութիւնը (լուսանկարներ)

Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 102-րդ տա­րե­լի­ցին առի­թով ցե­ղաս­պա­նու­թեան Ճա­նաչ­ման հար­ցը կր­կին կ՛ար­ծարծ­ուի:

Կա­րե­լի չէ մոռ­նալ կա­տար­ուա­ծը…

Ան­մեղ զո­հեր, տնա­զուրկ հա­յոր­դի­ներ, աք­սո­րի են­թար­կուող­ներ  խա­ւա­րա­սէր թուր­քին մա­հա­ցու հար­ուա­ծը կը ստա­նա­յին, սա­կայն հրաշ­քով փրկ­ուած­ներ հե­տա­գա­յին պի­տի վե­րապ­րէ­ին` դառ­նա­լով պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ար­դար ձայ­նը: Անոնց շնոր­հիւ գա­լիք սե­րուն­դը պարտք պի­տի հա­մա­րէր արա­ձա­գան­գը ըլ­լալ Հայ Դա­տին` ի խն­դիր ճա­նա­չու­մի եւ ար­դար հա­տու­ցու­մի:

Այս ծի­րէն ներս Հա­լէ­պի մէջ զա­նա­զան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ  տե­ղի ու­նե­ցան, որոնց շար­քին յատ­կան­շա­կան էր ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Մշա­կու­թա­յին Յանձ­նա­խում­բին կազ­մա­կեր­պած դա­սա­խօ­սա­կան երե­կոն:

Ար­դա­րեւ, Ուր­բաթ, 5 Մա­յիս 2017-ի երե­կոյ­եան ժա­մը 7:00-ին,  ՀԵԸ-ի «Ա.Գա­վաֆ­եան» սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ դա­սա­խօ­սու­թիւն` «Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Հե­տե­ւանք­նե­րու Վե­րաց­ման Ուղ­ղու­թեամբ» խո­րա­գի­րով: Օր­ուան դա­սա­խօսն էր ՀՀ Հա­լէ­պի Գլ­խա­ւոր Հիւ­պա­տոս Տիգ­րան Գէ­որգ­եան:

Ձեռ­նար­կին սկիզ­բը ելոյթ ու­նե­ցաւ Միու­թեան Կո­մի­տա­սի ան­ուան սե­նե­կա­յին նուա­գա­խում­բի քառ­եա­կը, նուա­գե­լով երեք ըն­տիր կտոր­ներ: Ապա հրա­ւիր­ուե­ցաւ օր­ուան բա­նա­խօ­սը: Ան բա­ցատ­րեց ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռին իմաս­տը, լայն գի­ծե­րու մէջ նկա­րագ­րեց Հայ Դա­տին նկատ­մամբ պե­տու­թիւն­նե­րուն մօ­տե­ցու­մը` յի­շե­լով այն 32 պե­տու­թիւն­նե­րը, որոնք ըն­դու­նած են Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը, վեր­ջի­նը` Չէխ­ի­ան:

Գլ­խա­ւոր հիւ­պա­տո­սը անդ­րա­դառ­նա­լով ՀՀ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման եւ անոր հե­տե­ւանք­նե­րուն վե­րաց­ման ուղ­ղու­թեամբ տար­ուած աշ­խա­տանք­նե­րուն դի­տել տուաւ, որ Թուրք­ի­ան պե­տա­կան առու­մով կը շա­րու­նա­կէ ու­րա­նալ իրա­կա­նու­թիւնը, կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տեց, թէ «Թուրք­իոյ հա­սա­րա­կու­թիւնը հաշտ չէ իր պատ­մու­թեան հետ», յայտ­նե­լով, որ Թուրք­ի­ան իր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը խզեց Հա­յաս­տա­նի հետ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պին լոյ­սին տակ: Գէ­որգ­եան ըսաւ. «Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն թուր­քը բա­նա­վէ­ճի մէջ է ինքն իր հետ: Ան այ­լա­մերժ է, լայ­նա­խոհ մար­դոց վրայ ճն­շում կը բա­նեց­նէ, նոյ­նիսկ կը սպան­նէ` խեղ­դե­լու հա­մար ճշ­մար­տու­թեան ձայ­նը», ապա աւել­ցուց. «Եթէ թուր­քին ըրա­ծը դա­տա­պար- տ­ուէր, այլ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու առաջ­քը առն­ուած կ՛ըլ­լար»: Ան յոյժ կա­րե­ւոր եւ ան­յե­տաձ­գե­լի հա­մա­րեց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­տա­պար­տու­մը մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դա­կի վրայ: «Մի­աս­նա­կան ճի­գե­րով եւ հա­մա­հայ­կա­կան հայ­եաց­քով ըն­թա­նա­լը առաջ­նա­հեր­թու­թիւն կը հա­մար­ուի, աւե­լի ազ­դու գոր­ծե­լու հե­ռան­կա­րէն մեկ­նե­լով: Ճիշդ է որ Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն 102 տա­րի­ներ ան­ցան, սա­կայն մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թիւնը աւե­լի կազ­մա­կերպ­ուած ըն­թացք ստա­ցաւ», յայտ­նեց գլ­խա­ւոր հիւ­պա­տո­սը:

Աւար­տին դա­սա­խօ­սը պա­տաս­խա­նեց ներ­կա­նե­րու հար­ցադ­րում­նե­րուն` լու­սա­բա­նա­կան բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տա­լով:

ՀԵԸ-ի Գոր­ծա­դիր Մարմ­նի ատե­նա­պետ Շա­հէ Քէ­օշ­կէր­եան ՀԵԸ-ի շքան­շա­նով մե­ծա­րեց ՀՀ Հա­լէ­պի Գլ­խա­ւոր Հիւ­պա­տոս  Տիգ­րան Գէ­որգ­եա­նը:

Մենք պա­հան­ջա­տէր ենք, այո՛:

Մեր սր­բա­դաս­ուած նա­հա­տակ­նե­րուն կան­չը մեզ կը թե­լադ­րէ պատ­րաս­տել սե­րունդ մը, որ քա­ջա­տեղ­եակ է իր փա­ռա­ւոր անց­եա­լին, իր պատ­մու­թեան ու մշա­կոյ­թին: Սե­րունդ մը, որ կը շա­րու­նա­կէ պա­հան­ջել իր ժո­ղո­վուր­դին խլ­ուած իրա­ւունք­նե­րը, հո­ղե­րը եւ ար­դա­րու­թեան վե­րա­հաս­տա­տու­մը:

Նայիրի Գրտանեան

«Գանձասար»

18446712_1118176308284394_4352992027718421522_n

18403033_1118176394951052_8862079380342618495_n

18403006_1118176291617729_1555932694995020378_n

Scroll Up