«Դուն Ի՞նչ Կ’ընես Արցախի համար». «Խօսնակ» Պաշտօնաթերթի Կազմակերպած Եւ Շուշիի Ազատագրման 25-ամեակին Նուիրուած Միջդպրոցական Արտասանական Եւ Նկարչական Մրցումը

Լիբանանահայ իրականութեան մէջ, վերջին հինգ տարիներուն, արդէն սովորութեան ու աւանդութեան կարգ անցած է ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրական կազմին կից գործող Մշակութային Յանձնախումբին կազմակերպած հրապարակային նախաձեռնութիւնները, որոնք միշտ ալ առնչուած են ազգային արժէքներու եւ մշակոյթի գնահատման ու արժեւորման հետ, հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ վառ ու աշխոյժ պահելու համար Միութեան Ահրամճեան Կեդրոնը:
Արդարեւ, ազգային շունչով ու հայեցիութեամբ լեցուն նմանօրինակ միջոցառում մըն էր Չորեքշաբթի, 10 Մայիս 2017-ի ցերեկոյթը, երբ Արցախի Մշակոյթի Մայրաքաղաք Շուշիի ազատագրման 25-ամեակին առթիւ տեղի ունեցաւ Միջդպրոցական Արտասանական եւ Նկարչական մրցում, մասնակցութեամբ լիբանանահայ 13 նախակրթարաններու աշակերտութեանց: Իսկ վերեւ նշուած արտայայտութեան մէկ կենդանի փաստն էր այդ օր Ահրամճեանի սրահը զարդարող եւ անցնող տարիներու ընթացքին գծագրուած բազմատասնեակ աշակերտական հետաքրքրութիւն առթող նկարներուն ցուցադրութիւնը, որոնք նուիրուած էին Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան ու ազգային այլ առիթներու, որոնց մէջ ակնյայտօրէն կը ցոլար մեր նորահաս սերունդին սէրն ու հոգեկան անքակտելի կապը՝ հայրենիքին ու ազգային արժէքներուն հանդէպ:
«Խօսնակ»-ի խմբագրութեան կոչին արձագանգելով մասնակցած էին՝ Ազգային «Եղիշէ Մանուկեան, «Աբգարեան», «Աքսոր Գասարճեան», Հայ Կաթողիկէ «Մեսրոպեան», «Հռիփսիմեանց», «Ս.Խաչ-Հարպոյեան», «Սրբուհի Ագնէս», Հայ Աւետարանական «Կեդրոնական Բարձրագոյն», «Հայ Աւետարանական Քոլէճ», «Շամլեան-Թաթիկեան», նաեւ՝ «Վահան Թէքէեան», եւ ՀԲԸՄ-ի «Նազարեան եւ Կարմիրեան» վարժարանները:
Արտասանութեան եւ Նկարչութեան միջոցառման կը մասնակցէին մօտաւորապէս 98 աշակերտ-աշակերտուհիներ՝ վերոյիշեալ վարժարաններու Ե. եւ Զ. կարգերէն, որոնց ընկերացած էին իրենց յարգարժան ուսուցիչ-ուսուցչուհիները: Ցերեկոյթին բացումը ըրաւ «Խօսնակ»-ի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան եւ ընդգծեց Մայիս ամսուայ կարեւորութիւնը մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ, թուելով Վարդանանցը, Սարդարապատը, Հայրենական Պատերազմը եւ նամանաւանդ Շուշիի ազատագրումը, որոնք բոլորն ալ տեղի ունեցան էին մայիսին եւ միշտ ալ վերջացած մեր ժողովուրդի յաղթանակով:
Ան իր բացման խօսքին մէջ շեշտեց նման նախաձեռնութիւններու օգտակարութիւնը եւ անշուշտ, մեր նորահաս սերունդին համար հայերէն լեզուին կարեւորութիւնը, որ որպէս վահան, հեռու կը պահէ մեզ ցուլումէ եւ կորուստէ, առաջարկելով զայն սիրել, գուրգուրալ ու պաշտել ի գին ամէն զոհողութեան: Այդ կապակցութեամբ, ան գնահատեց սփիւռքէ ներս ունեցած բացառիկ դերը հայ դպրոցին ու նամանաւանդ հայ ուսուցիչին, գնահատելով անոր ազգապահպանման ոլորտէ ներս կատարած սուրբ ու նուիրական գործը:
Ան նաեւ անդրադարձաւ Արցախեան ազատագրական պայքարին ու ազգային իմաստով անոր ունեցած ռազմական ու աշխարհագրական կարեւորութեան, մեր հերոսական բանակի քաջագործութեան, արիասիրտ հայ երիտասարդներու կերտած յաղթանակներուն եւ հայրենիք, պատիւ ու ընտանիք պահելու անոնց սխրալի քաջագործութեանց:
Հ.Մարտիրոսեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Սիրելի աշակերտներ, լաւագոյնս պիտի ըմբռնէք, որ Սփիւռքահայ իրականութեան մէջ պահելու համար մեր ինքնութիւնն ու պատկանելիութիւնը, պիտի տէր կանգնինք մեր աղուոր ու սքանչելի հայերէնին, քանի որ ան՝ մեր լեզուն, օտարութեան մէջ մեր յենարանն է, մեր սրբութիւնն է, մեր նկարագիրն է, աւելին՝ մեր հայրենիքն է..: Իսկ հայերէն լեզուի մեր նուիրեալ ուսուցիչները կը հանդիսանան մեր լեզուին առաջին պաշտպանները, զերթ հայրենի զինուորներ, որոնք կը պաշտպանեն հայրենիքը՝ մեր սահմաններուն սպառնացող ոսոխներուն դէմ»:
Խմբագիր Մարտիրոսեանի խօսքէն ետք սկսան զոյգ մրցումները, որոնց համար կարգաւորուած էին Գնահատիչ Յանձնախումբեր: Արտասանական Մրցումի Գնահատիչ Յանձնախումբին մաս կը կազմէին՝ երկարամեայ հրապարակագիր եւ վաստակաւոր ուսուցիչ Օհան Պոտրումեան, լիբանանահայ բեմերու ծանօթ դերասանուհի եւ ասմունքող Արփի Աւետիքեան եւ հայերէն լեզուի երկար տարիներու ուսուցիչ ու մանկավարժ Անի Կոստանեան: Իսկ Նկարչական աշխատանքներուն կը հսկէր լիբանանահայ գեղանկարիչ եւ հայկական վարժարաններու արուեստի երկար տարիներու դասատու Վազգէն Մուղալեան:
Արտասանութեան պարագային «Խօսնակ»-ի խմբագրութիւնը փափաքած էր, որ բոլոր մասնակիցներ արտասանէին հայրենասիրական ու ազգային շունչ բովանդակող կտորներ: Ասիկա պատճառ եղաւ, որ մասնակցող աշակերտներ մեծ խանդավառութեամբ արտասանեն հայ նշանաւոր բանաստեղծներու գործեր՝ նուիրուած լեզուին, հայրենիքին եւ Արցախին, ուր հնչեցին Պարոյր Սեւակի, Յովհաննէս Շիրազի, Համօ Սահեանի, Դանիէլ Վարուժանի, Թէքէեանի, Սիամանթոյի, Սիլվա Կապուտիկեանի, Մուշեղ Իշխանի եւ այլոց լաւագոյն գործերը:Հոս պէտք է ուրախութեամբ շեշտենք, որ բոլոր մասնակիցներն ալ ջանք չէին խնայած այս ուղղութեամբ եւ բոլորն ալ աշխատեցան լաւագոյն ձեւով ներկայանալ ու դրսեւորել իրենք-զիրենք՝ հասնելու համար լաւագոյն դիրքերու:
Արտասանութիւնները յաջորդեցին իրար, մինչ առաջին յարկի վրայ շարունակուեցան գծագրութիւնները եւ ահա հասաւ գնահատման պահը: Գնահատիչ Յանձնախումբը ունկնդրելէ ետք բոլոր մասնակիցները եւ քննելէ ետք բոլոր հրամցուած նկարչական գործերը, գնահատեցին այսպէս.
ԱՐՏԱՍԱՆԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄ.
Ե. Դասարանի Արտասանական Մրցման առաջիններ հանդիսացան՝ Վանայ Սէֆէրեան (Հայ Կաթ. Մեսրոպեան վրժ.), Մարալ Կիրիթլեան (ՀԲԸՄ Կարմիրեան վրժ.), Երկրորդ՝ Վարագ Տէր Ղազարեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան), Թիա Մարիա Կարապետեան (Հայ Կաթ. Ս.Խաչ-Հարպոյեան), Երրորդ՝ Մարիա Խաչատուրեան (Ազգ. Աքսոր Գասարճեան), Խրախուսական մրցանակ՝ Քարլա Գէորգեան (Ազգ. Աբգարեան), Մանէ Չոլաքեան (Հայ Աւտր. Քոլէճ):
Զ.Դասարանի առաջիններ հանդիսացան՝ Սէլին Քոքեան եւ Աքասիա Ազատեան (Հայ Կաթ. Ս.Խաչ-Հարպոյեան), Սեւակ Քէօսէյեան ( Հայ Աւտր. Շամլեան-Թաթիկեան), Երկրորդ՝ Հրանդ Էլմայեան (ՀԲԸՄ Լ.Նազարեան), Ռիթա Սալլում (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան), Երրորդ՝ Մէրի Նաճարեան ( ՀԲԸՄ Պ.Կարմիրեան), Քրիսթէլ Տիշաքճեան (Հայ Աւտր. Շամլեան-Թաթիկեան), Խրախուսական մրցանակ՝ Ալինա Քաթիպեան (Վահան Թէքէեան), Մանօ Գալֆայեան (Հայ Կաթ. Սրբուհի Ագնէս), Սէլին Քուլաճեան ((Հայ Կաթ. Հռիփսիմեանց) վարժարան:
ՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄ.
Ե.Դասարանի Նկարչական Մրցման առաջիններ հանդիսացան՝ Ղազար Մէսճեան (Հայ Աւտր. Քոլէճ), Լուչիանա Ղազարեան ( Հայ. Աւտր. Կեդր. Բարձր.), Երկրորդ՝ Սալբի Սալորեան ( Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան), Ռաֆի Կիւլէսէրեան (Ազգ. Աբգարեան), Երրորդ՝ Նաթէլ Արթինեան (Հայ Կաթ. Ս.Խաչ), Ալեքսանտրա Պամպաճեան (Հայ Կաթ. Հռիփսիմեանց), Խրախուսական՝ Վանայ Ռիթա Հալաճեան ( Հայ Կաթ. Սրբուհի Ագնէս) վարժարան:
Զ.Դասարանի Նկարչական Մրցման Առաջիններ հանդիսացան՝ Մհեր Ջուլֆաճի ( Հայ Կաթ. Սրբուհի Ագնէս), Յակոբ Գոճայեան (Հայ Կաթ. Մեսրոպեան), Երկրորդ հանդիսացան՝ Արեւ Պոյաճեան ( Հայ Կաթ. Ս.Խաչ- Հարպոյեան), Թաթիանա ֆայսալ (Հայ Աւտր. Քոլէճ), Երրորդ հանդիսացան՝ Էտուար Ղազարեան (Ազգ. Աքսոր Գասարճեան), Կալի Պոյաճեան (Լ.Նազարեան), Խրախուսական՝ Ռիթա Չարըքեան (ՀԲԸՄ Լ.Նազարեան) վարժարան:
Բոլոր յաջողած սաներ, պարգեւատրուեցան զանազան նուէրներով, նաեւ Արտասանական եւ Նկարչական մրցումներու մասնակցող 98 աշակերտ-աշակերտուհիներ: Նուէրները տրամադրուած էի Տիարք՝ Փոլ Այանեանի, Ռաֆի Միքայէլեանի, Գրիգոր Արսլանեանի, Արմէն Յարութիւնեանի եւ տիկին Արփի Աւետիքեանի կողմէ:
Հանդիսութեան աւարտին Համբիկ Մարտիրոսեան «Խօսնակ»-ի խմբագրական կազմի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակցող վարժարաններու Տնօրէններուն ու Ուսուցիչներուն, Ժիւրիի անդամներուն, Նուիրատուներուն, ինչպէս նաեւ աշակերտ-աշակերտուհիներուն, մաղթելով անոնց յարատեւութիւն, կամք ու կորով՝ հայօրէն դիմադրելու ապագայ տեսանելի եւ անտես մարտահրաւէրներուն դէմ: «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» կոչին, ահա՛ այսպէ՛ս ընդառաջեցին գաղութիս 13 վարժարաններու խանդավառ սան-սանուհիները, խիզախ ու խրոխտ, հպարտ ու անվեհեր, բարձրացնելով իրենց ձայները եւ ցուցաբերելով իրենց նեցուկը եւ զօրակցութիւնը մեր անկորնչելի Դատին ու իրաւունքին դէմ:
«ԽՕՍՆԱԿ» ԼՐԱՏՈՒ

%d5%ad%d5%b8%d5%bd%d5%b6%d5%a1%d5%af%d5%ad%d5%b8%d5%bd%d5%b6%d5%a1%d5%af1%d5%ad%d5%b8%d5%bd%d5%b6%d5%a1%d5%af3%d5%ad%d5%b8%d5%bd%d5%b6%d5%a1%d5%af4%d5%ad%d5%b8%d5%bd%d5%b6%d5%a1%d5%af5 %d5%ad%d5%b8%d5%bd%d5%b6%d5%a1%d5%af6%d5%ad%d5%b8%d5%bd%d5%b6%d5%a1%d5%af7

Scroll Up