Տեղի Ունեցաւ «Ստեղծարարութիւն, Նորարարութիւն, Լրագրութիւն Եւ Հանրային Կապեր» Թեմայով Դասախօսութիւն
Մայիս 11-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի գործարարութեան եւ տնտեսագիտութեան բաժանմունքի դասախօս Մարի-Հրաչուհի Պօղոսեան հանդէս եկաւ դասախօսութեամբ, որուն ներկայ էին Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, նախարարութեան ստորաբաժանումներու ղեկավարներ, աշխատակիցներ:
Բանախօսը, ծաւալելով երկարամեայ աշխատանքային գործունէութիւն «NASA տիեզերական առաքելութիւններու զարգացման» ծրագիրին մէջ` որպէս նորարարական տեխնոլոգիական առաջարկներու վերանայման եւ գնահատման տնօրէն, ինչպէս նաեւ ունենալով երկարամեայ դասաւանդման փորձ ստեղծարար մտածողութեան, արուեստաբանութեան ստեղծարարութեան, ստեղծարար ձեռնարկատիրութեան, համակարգերու նախագծման եւ արժէքի գնահատման ոլորտներուն մէջ, նախարարութեան աշխատակիցներուն ներկայացուց ստեղծարարութեան, նորարարութեան, լրագրութեան եւ հանրային կապերու մերօրեայ կարեւորութեան եւ կիրառելիութեան բանաձեւերը:
Մարի-Հրաչուհի Պօղոսեան մասնաւորապէս նշեց. «Ստեղծարարութիւնը ուղղակի եւ անուղղակի կերպով կը բարելաւէ մեր կեանքը, նոր գիտելիքներով կը զինէ մեզ, ծնելով նոր մտքեր եւ մօտեցումներ, կը հարստացնէ առօրեան, կը կոտրէ պահպանողական կարծրատիպերը, կ’արթնցնէ նորը յայտնաբերելու մեր մէջ առկայ բնազդը: Այն ի վերջոյ կը ստեղծէ աւելի բարեկարգ պետութիւն եւ միջավայր: Այս դասախօսութեան նպատակը ստեղծարար եւ նորարար մտածողութեան հիմունքներու, հմտութիւններու, տարրերու եւ գործօններու բացայայտումն է, քննադատական մտածողութեան խրախուսումը եւ համագործակցութեան կարեւորութեան վերհանումը: Այս ամէնուն կիրառումը թոյլ կու տայ աշխարհի հետ համարժէք քալել եւ զարգանալ»:
Դասախօսութեան ընթացքին հնչեցին հարցեր, ներկաները ներկայացուցին իրենց կարծիքներն ու փորձը:
Նշենք, որ դասախօսութիւնը պիտի կրէ պարբերական բնոյթ, եւ Սփիւռքի նախարարութեան բոլոր աշխատակիցները կ’ունենան հնարաւորութիւն ունկնդրելու այն: