Վանաձորի Պետական Տրամաթիկական Թատրոնը Հիւրախաղերու Կը Մեկնի ՌԴ Հայաշատ Քաղաքներ

Վանաձորի Յովհաննէս Աբէլեանի անուան պետական տրամաթիկական թատրոնը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ համագործակցութեամբ մայիս 22-էն մինչեւ յունիս 1 հիւրախաղերու  պիտի մեկնի Ռուսաստանի Դաշնութեան Անապա, Նովոռոսիյսկ, Տոնի-Ռոստով, Գրասնոտար քաղաքներու հայկական համայնքներ:

«Երբ արդէն պատրաստած էի ծրագիրը, նպատակայարմար գտայ այն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ իրականացնել: Դիմեցի ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, եւ ինչպէս սպասելի էր, համագործակցութեան առաջարկը մեծ սիրով ընդունեց, որուն համար շատ շնորհակալ եմ: ՌԴ հայաշատ այնպիսի քաղաքներ  ընտրած ենք, ուր հայկական թատերախումբեր կամ քիչ կ´այցելեն, կամ մինչեւ օրս չեն այցելած»,–«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Վանաձորի Յովհաննէս Աբէլեանի անուան պետական տրամաթիկական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Վահէ Շահուերդեան` աւելցնելով, որ հիւրախաղերու միջոցով կը ցանկան օտարութեան մէջ ապրող հայերուն մօտ տարածել հայկական մշակոյթը, որպէսզի անոնք չկտրուին իրենց արմատներէն եւ պահպանեն ազգային ինքնութիւնը:

Հիւրախաղերու պիտի մեկնին թատրոնի 26 յառաջատար դերասաններէ կազմուած խումբ մը, որ հանդէս պիտի գայ «Լիր արքայ» եւ «Խնայեցէ՛ք տղամարդոց» ներկայացումները: Ի դէպ, Անապայի հայերը առաջարկած են 1981 թուականին ռուսերէնով բեմադրուող եւ մեծ պահանջ ունեցող «Խնայեցէ՛ք տղամարդոց» կատակերգութիւնը ներկայացնել, որ կը փաստէ, թէ  առ այսօր հանդիսատեսը տպաւորուած է այդ ներկայացմամբ: «Լիր արքայ»-ն զուգահեռաբար ռուսերէն պիտի  թարգմանուի, որպէսզի ռուս հանդիսատեսին ներկայացումը նոյնպէս հասանելի ըլլայ:

Հարցին, թէ սփիւռքեան որ հատուածներուն մէջ են հայերն առաւել հետաքրքրուած հայկական թատերարուեստով, Վահէ Շահուերդեան ըսաւ. «Դեռեւս Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ աշխատելու տարիներուն, Սփիւռքի տարբեր` Վրաստանի, Ռուսաստանի Դաշնութեան, Ուքրանիոյ, Պելառուսի, Իրանի, Փորթուկալիոյ, Ֆրանսայի եւ հայկական այլ համայնքներու մէջ հիւրախաղերու մեկնելով` նկատած եմ, որ յատկապէս Իրանի հայկական համայնքը այս հարցով աշխուժութիւն կը ցուցաբերէ, Ռուսաստանի, Ֆրանսայի հայերը նոյնպէս հայկական մշակոյթին հանդէպ մեծ հետաքրքրութիւն ունին: Պէտք է շեշտեմ, որ միշտ եւ ամէնուր աշխարհասփիւռ մեր հայրենակիցներուն կողմէ ջերմ ընդունելութեան, բուռն ծափողջիւններու  արժանացած ենք»:

Գէորգ Չիչեան

%d5%a9%d5%a1%d5%bf%d6%80%d5%b8%d5%b6 %d5%a9%d5%a1%d5%bf%d6%80%d5%b8%d5%b61 %d5%a9%d5%a1%d5%bf%d6%80%d5%b8%d5%b62 %d5%a9%d5%a1%d5%bf%d6%80%d5%b8%d5%b63

Scroll Up