«Մեր Մեծերը» Ծրագիրի Ծիրէն Ներս Դաս-Ձեռնարկ` Նուիրուած Ալեքսանտր Մանթաշեանցի 175-Ամեակին
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ, մայիս 4-ին,Երեւանի Տարաս Շեւչենկոյի անուան թիւ 42 աւագ դպրոցին մէջ կայացաւ ձեռնարկ` նուիրուած ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մեր մեծերը-2017» ծրագիրին մէջ տեղ գտած հայ նշանաւոր գործարար եւ բարեգործ Ալեքսանտր Մանթաշեանցի 175-ամեակին: Ձեռնարկին ներկայ էին դպրոցի տնօրէն Էլէոնորա Թումանեան, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան Գիտակրթական ծրագիրներու բաժինի պետ Սիրվարդ Համբարեան, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ այլ հիւրեր:
10-ից 11-րդ դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին մեծ հայու կեանքն ու գործունէութիւնը, ապա անդրադարձան անոր կատարած ազգօգուտ մեծածաւալ աշխատանքներուն, մարդկային բարձր յատկանիշներուն: Աշակերտները հնչեցուցին նաեւ Ալեքսանտր Մանթաշեանցի կեանքի մասին նշանաւոր մարդոց արտայայտած կարծիքները:
Ձեռնարկին աւարտին Էլէոնորա Թումանեան իր խօսքին մէջ կարեւոր համարեց նմանօրինակ ձեռնարկներու կազմակերպումը` յատկանշելով այն փաստը, որ մատաղ սերունդն այսկերպ հնարաւորութիւն կ’ունենայ ծանօթանալու ինչպէս հայ անուանի դէմքերուն, այնպէս ալ ` կրթուելու իբրեւ բանիմաց հայորդիներ:
Սիրվարդ Համբարեան ներկաներուն փոխանցեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը` ըսելով, որ «Մեր մեծեր»-ը Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ուղղուած նախարարութեան կարեւոր նախաձեռնութիւններից մէկն է: Գիտակրթական ծրագրերի բաժնի պետը յաւելեց նաեւ, որ այս ծրագիրը մեր երիտասարդութեանը հայրենասիրական զգացումով է տոգորում:
Յիրաւի, Երեւանի Տ.Շեւչենկոյի անուան թիւ 42 աւագ դպրոցի Հայոց պատմութեան ուսուցչուհի Քրեմլինա Իսրայէլեանի կազմակերպած ձեռնարկը վերածուեցաւ հայրենասիրական իւրօրինակ դասի: