Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ Տարելիցի Ոգեկոչման Ձեռնարկ Ամմանի Մէջ

Ապրիլ 24-ին Ամմանի մէջ հովանաւորութեամբ Պատրիարքական փոխանորդ եւ Յորդանանի Հայոց թեմի առաջնորդ հոգեշնորհ Աւետիս վարդապետ Իփրաջեանի, նախաձեռնութեամբ Ամմանի ազգային տեղական խորհուրդի եւ կազմակերպութեամբ Ամմանի մշակութային միութեան, ՀՄԸՄ-ի եւ Եուզպաշեան-Կիւլպէնկեան ազգային վարժարանի տնօրինութեան, տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկ:

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ, գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը  բերած են նաեւ Եուզպաշեան-Կիւլպէնկեան ազգային վարժարանի աշակերտները, որոնք բեմականացուցած են «Եւ աւելցուր Գրիգոր Զոհրապի անունը» թատերական ներկայացումը:

%d5%a1%d5%b4%d5%b4%d5%a1%d5%b6%d5%a1%d5%b4%d5%b4%d5%a1%d5%b62%d5%a1%d5%b4%d5%b4%d5%a1%d5%b63%d5%a1%d5%b4%d5%b4%d5%a1%d5%b64

 

Scroll Up