«Գնահատանքի Խօսքը, Որ Հայրենիքէն Կու Գայ, Աւելի Թանկ Է». Սիւզան Խարտալեան

Մայիս 3-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց շուէտահայ ճանչցուած լրագրող, կինոգործիչ Սիւզան Խարտալեանը:

Նախարարը ողջունեց սփիւռքահայ գործիչը, կարեւոր համարեց անոր հայանպաստ գործունէութիւնը` միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը գրաւելուն Հայ դատի խնդիրներուն վրայ, նաեւ համամարդկային թեմաներու միջոցով հայկական հարցերը աշխարհի ուշադրութեան կեդրոնին մէջ պահելու ուղղութեամբ: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Հայոց ցեղասպանութեան թեման եղել եւ շարունակում է մնալ եւ՛ պատմութեան, եւ՛ հոգեբանութեան, եւ՛ արուեստի կիզակէտում: Պարտաւոր ենք պատմական յիշողութիւնը փոխանցել յաջորդ սերունդներին այնքան ժամանակ, քանի դեռ չի լուծուել Հայ Դատի խնդիրը, քանի դեռ չի կատարուել հայ ժողովրդի արդար պահանջը: Սիւզան Խարտալեանը Ցեղասպանութեան ամենազգայուն թեմաներից մէկին է անդրադարձել` հայ կնոջ տառապանքներին, պայքարին ու դժուարին ճակատագրին: Իր ողջ կեանքը նա նուիրել է Հայ դատի պաշտպանութեանը, եւ արել է համոզմունքով, հաւատով: Հայ դատի մարտիկները մեր ժողովրդի սերուցքն են եւ արժանի են մեր երախտագիտութեանը, դրուատանքին, սիրուն: Սիրով ուզում եմ այդ սէրն ու երախտագիտութիւնը փոխանցել Սիւզան Խարտալեանին եւ պարգեւատրել նրան մեր նախարարութեան բարձրագոյն պարգեւով` Ոսկէ մետալով»:

Սիւզան Խարտալեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ խօսքերուն ու բարձր գնահատանքին համար եւ աւելցուց. «Գնահատանքի խօսքը, որ Հայրենիքէն կու գայ, աւելի թանկ է: Շնորհակալ եմ: Կրնամ բան մը խոստանալ, որ գործս պիտի շարունակեմ, իմ էութիւնս  ասիկա է : Պատմութիւնը տղամարդիկ կը գրեն, եւ ատոր համար ալ քիչ կը նշուին կանանց հերոսութիւնները: Կանանց հետ կապուած թեմաները զգայուն են, եւ տղամարդիկ կը խուսափին արծարծել Եղեռնի տարիներուն կանանց տառապանքներուն առնչուող թեմաները»:

Այնուհետեւ յայտնի լրագրողն ու կինոգործիչը պատասխանեց ներկաներու հարցերուն:

Սիւզան Խարտալեան կրթութեամբ լրագրող է, ուսանած է Պէյրութի ու Փարիզի համալսարաններուն մէջ: Ան աւելի քան 3 տասնեակ ֆիլմերու հեղինակ է, ներառեալ` «Կ’ատեմ շուները», «Երիտասարդ Ֆրոյտը Կազայէն», «Մեծ մօրս դաջուածքները» «Վերադարձ դէպի Արարատ»:

Անոր վերջին ֆիլմերէն «Մեծ մօրս դաջուածքները» ֆիլմը անդրադարձ է Հայոց ցեղասպանութեան, որուն մէջ կ’արծարծուի ցեղասպանութիւնը վերապրած, ամօթի ու տառապանքներու միջէն անցած կանանց թեման: Ֆիլմը ցուցադրուած է աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ, նաեւ` Եւրոխորհրդարանին մէջ, եւ մեծ հնչեղութիւն ստացած հասարակութեան լայն շրջաններուն մէջ: «Մեծ մօրս դաջուածքները» դիտած է 300 միլիոն մարդ:

unnamed-1unnamed

Scroll Up