Ճանապարհ Դէպի Վենետիկ` Ժամանակակից Արուեստի 57-րդ Պիենալին
Ռաֆայէլ Մէկալ (Մելիքեան), ՀՀ վաստակաւոր նկարիչ…
Թերեւս այս քանի մը` առաջին հայեացքէն ժլատ թուացող բառերով, հնարաւոր չէ ամբողջապէս նկարագրել եւ բնութագրել Ռաֆայէլ Մէկալ (Rafael Megall) արուեստագէտը, որուն հետ կը հանդիպիմ ու կը զրուցեմ երկրորդ անգամ: Այս անգամ Ռաֆայէլը ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն եկած էր հրաշալի նորութեամբ մը` կիսուելու «Հայերն այսօր»-ի հետ: Ռաֆայէլէն տեղեկացանք, որ ան մայիս 13-ին կը պատրաստուի Իտալիոյ Վենետիկ քաղաքի Մուրատ-Ռաֆայէլեան վարժարանին մէջ մասնակցելու ժամանակակից արուեստի 57-րդ պիենալին` ներկայացնելով իր` «Յովազներն իմ ծաղկած այգիին մէջ» շուրջ 15 նկարներու շարքը:
Այդ ցուցահանդէսին պիտի մասնակցին երեք արուեստագէտ. մէկը` Սփիւռքէն, միւսը` արտերկրէն եւ Ռաֆայէլ Մէկալը: Ցուցահանդէսին պատասխանատուն, խնամակալը` յայտնի արուեստաբան Տէմեթրիօ Փափարոնին է, հովանաւորը` ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը, աջակիցները` ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնն ու Ազգային պատկերասրահը:
Մէկալը նաեւ աւելցուց, որ «Յովազներն իմ ծաղկած այգիին մէջ» շարքի նկարները եղած են յատուկ այդ ցուցահանդէսին համար եւ Վենետիկի մէջ կը մնան մօտ 4-5 ամիս, որմէ ետք կը ցուցադրուին Հայաստանի մէջ:
Ոււրեմն, մեր երիտասարդ արուեստագէտին մաղթենք աննախադէպ յաջողութիւններ եւ նոր գործեր ստեղծելու աննահանջ վերելք: Մաղթենք, որ Մէկալը Վենետիկէն վերադառնայ արուեստագէտի համար ամենաթանկ մրցանակով:
Կարինէ Աւագեան