Նոր Ջուղայի Հայ Համայնքը նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ Տարելիցը. լուսանկարներ

Ապրիլ 23
Նոր Ջուղայի մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնակներու շարքին, ապրիլ 23-ին, ժամը` 19:00-ին, Նոր Ջուղայի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ` գլխաւորութեամբ Սպահանի Հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Տ.Սիփան ծ.այրագոյն վարդապետ Քեչեջեանի, տեղի ունեցաւ «Կարգ բարեխօսութեան Ս. Նահատակաց» արարողութիւն, այնուհետեւ հոծ բազմութեան մասնակցութեամբ կայացաւ դէպի Ս. Ամենափրկիչ վանքը տանող կազմակերպուած մոմերով երթ: Ժողովրդական երթն աւարտեց Սուրբ Ամենափրկիչ վանքի բակին մէջ, ուր Կոմիտասի մշակած յուզիչ երգ-երաժշտութեան ներքոյ մոմերը տեղադրուեցան Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին եւ Տէր Զօրէն բերուած ապրիլեան եղեռնի զոհերու աճիւններուն շուրջ:
Համահաւաքին առթիւ ներկաները ողջունեց երեկոյի հաղորդավար Թովմա Գալստանեան, որմէ ետք ելոյթով հանդէս եկաւ «Ակօս» թերթի նախկին ֆոթոլրագրող Է.Արիքը, Սպահանի Հայոց թեմի Թեմական խորհուրդի խօսքն ընթերցեց Սոնիկ Բաղումեան, իսկ Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցի բանաձեւը` Ռուբէն Խաչիկ–Գրիգորը:
Գեղարուեստական բաժինը իրականացաւ Ս. Ամենափրկիչ վանքի «Կոմիտաս» եւ «Տաթեւ» երգչախումբերու ու Նոր Ջուղայի Հայ Մ. Մ. «Արարատ» միութեան «Կռունկ» ասմունքի խումբի համագործակցութեամբ: Երգի կատարումով հանդէս եկաւ նաեւ Շահինշահր քաղաքի հոգեւոր տեսուչ Տ.Անանաի ծայրագոյն վարդապետ Գուջանեան:
Աւարտին, օրուան առթիւ իր պատգամը յղեց Տ. Սիփան ծ.վրդ.Քեչեջեան:
Երեկոն շարունակուեցաւ ժողովրդական մոմավառութեամբ, իսկ նստացոյցին դիմած «Թադէոս Թադէոսեան» պատանեկան միութեան անդամները շարունակեցին վանկարկել պահանջատիրական լոզունգներ եւ երգեցին ազգային– յեղափոխական երգեր: Յուշարձանին մօտ ջահերով պահակութիւնը հերթականութեամբ ապահովեցին Նոր Ջուղայի Հայ Մ. Մ. «Արարատ» միութեան սկաուտական միաւորի անդամները:
Յատկանշելի է, որ երեկոյին ընթացքին հարիւրաւոր հայորդիներ մասնակցեցան վանքի շրջաբակին մէջ նախատեսուած արեան նուիրումի ծրագիրին:
Ապրիլ 24
Երկուշաբթի` Ապրիլ 24-ին, առաւօտեան ժամը` 9:30-ին, ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու, Ս. Ամենափրկիչ վանքի «Յովսէփ Արեմաթացի» եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ` Սպահանի Հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Տ. Սիփան ծ.վրդ. Քեչեջեանի, մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ Պատարագ: Պատարագիչ հայր Սուրբին կը սպասարկէին քահանայից եւ դպրաց դասերն ու Ս. Ամենափրկիչ վանքի «Կոմիտաս» երգչախումբը: Յաջորդիւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին ծաղկեպսակներ եւ ծաղիկներ խոնարհեցին հոգեւորականաց դասը, Հայաստանէն հիւրաբար Նոր Ջուղա գտնուող բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Վարդան Դեւրիկեան, թեմի ազգային իշխանութեան եւ ազգային այլ մարմիններու, միութիւններու եւ երգչախումբերու ներկայացուցիչները, Հայոց ազգ. դպրոցներու տեսչութիւնները, ուսուցչական կազմերը եւ ծնողական խորուրդները, շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի անդամները, Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցի ոգեկոչման Կեդրոնական յանձնախումբը եւ ներկայ հոծ բազմութիւն:
Այնուհետէեւ տեղի ունեցաւ բողոքի քայլերթ` Նոր Ջուղայի Հաքիմ Նեզամի, Պոլվարէ Մելլաթ, Թոհիտ եւ Արեւելեան Նազար գլխաւոր պողոտաներով: Ընթացքին բազմահազար հայորդիներ պահանջատիրական լոզունգներ վանկարկելով` իրենց պահանջատիրական ձայնը բարձրացուցին ի լուր աշխարհի եւ ընթերցուեցաւ պարսկերէն բանաձեւ, որ հաստատեցին ցուցարարները: Քայլերթն աւարտեց Ս. Ամենափրկիչ վանք տանող ճանապարհին` «Սարդարապատ» երգի միասնական երգեցողութեամբ:
Նոյն օրը երեկոյեան ժամը` 19:00-ին, Նոր Ջուղայի Հայ մարզա-մշակութային «Արարատ» միութեան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ բանախօսական եւ գեղարուեստական ձեռնարկ: Օրուան առթիւ հրաւիրուած էր բանախօսելու ՀՀ ԳԱԱ Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի տնօրէն, բանասէր եւ լրագրող Վարդան Դեւրիկեան: Գեղարուեստական ձեռնարկն իրականացաւ Ս. Ամենափրկիչ վանքի «Կոմիտաս» եւ «Տաթեւ» երգչախումբերու մենակատար երգչուհիներու, Նոր Ջուղայի Հայ մարզա-մշակութային «Արարատ» միութեան մշակութային միաւորի «Կռունկ» ասմունքի եւ պարի համոյթի եւ անհատ կատարողներու միջոցով: Երգի կատարումով հանդէս եկաւ նաեւ Տ. Անանաի ծ. վրդ. Գուջանեան: Երեկոն եզրափակուեցաւ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Տ. Սիփան ծ. վրդ. Քեչեջեանի հայրական պատգամով: Երեկոն վարեց Մանիա Ղուկասեան:
Երանոյշ Թահմազեան
Իրան, Նոր Ջուղա
Լուսանկարները` հեղինակին
Աղբիւրը`«Հայերն այսօր»