«Ես Կը Սիրե՛մ Քեզ, Իմ Հայաստան, Կը Սիրե՛մ Քեզ, Իմ Մայրիկ».Արժանթինահայ Լրագրող Գլաուս Լանխէ Հազարեան

102 տարի առաջ աշխարհի պատմութեան  էջերուն խարանուած Հայոց ցեղասպանութեան եղերական 1915 թուականը դարձաւ Երկիր մոլորակի դարեր շարունակ ուղեկցող ամօթի դաջուածքը, իսկ մեզի` հայերուս համար, չսպիացող վէրք ու ծխացող յիշողութիւն… այդ յիշողութեան միջով սերունդներ եկան ու անցան, ապրեցան ու կ’ապրին անոնք աշխարհի տարբեր ծագերուն մէջ, ստեղծագործելով,  ներկայացնելով հայն ու Հայաստանը, պատմելով իրենց արմատներուն մասին: Այդպիսի ` մայրական կողմէ ծագումով հրաշալի հայու ` արժանթինահայ ճանչցուած լրագրող Գլաուս Լանխէ Հազարեանի հետ «Հայերն այսօր»-ի համար ծաւալեցաւ իմ հարցազրոյցս:

Բարո՛վ  եկած էք Հայաստան. ես հիացած եմ Ձեր ստեղծած համացանցային «Ես հայ եմ» (soyarmenio.com.ar) կայքով, որուն 6 բաժիններէն երեքը նուիրուած են Հայաստանին, Արցախին, Հայոց ցեղասպանութեան. ո՞վ է Ձեր մէջ այդքան սէր սերմանել հայու ու Հայաստանի հանդէպ:

-Ատոր աղբիւրը մայրական կողմէ հայկական արիւն ունենալս է, ինչպէս նաեւ այն խնդիրը, որ Սփիւռքի մէջ քիչ տեղեկատուութիւն կայ Հայաստանի մասին: Առաջին խնդիրը լեզուն է. հիմնականին մէջ այդ տեղեկատուութիւնը տեղ կը հասնի ռուսերէնով, ֆրանսերէնով, սպաներէնով, անգլերէնով: Հայերու երրորդ, չորրորդ սերունդի ներկայացուցիչ  քանի մը ընկերներու հետ համախմբուեցանք. քանի որ ես լրագրող եմ, անոնք խնդրեցին, որ միաւորուինք եւ ստեղծենք  այնպիսի կայք մը, որ նուիրուած կ’ըլլայ Հայաստանին, ուր մարդիկ կը կարենան յօդուածներ, լուրեր կարդալ Հայաստանի, Արցախի մասին: Արդէն 5 տարի է, որ կը գործէ այդ կայքը:

Իսկ արժանթինցիները հետաքրքրուա՞ծ են հայերով, Հայաստանով, Արցախ աշխարհի խնդիրներով:

-Այո՛, շատ հետաքրքրուած են. կայքը դուրս  եկած է Արժանթինի սահմաններէն, տարածուած է նաեւ Եւրոպայի եւ հիմնականին մէջ` սպանախօս երկիրներուն մէջ, ամբողջ Լատինական Ամերիկայի ու յատկապէս` Չիլիի մէջ:

Տեղեակ եմ, որ Դուք եւս միացած էք ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած «Դուն ի՞նչ կընես Արցախի համար» համահայկական շարժման, այդպէ՞ս է..

-Ես ունիմ այդ շարժման վերտառութեամբ պաստառը. այո՛, միացած եմ շարժման, իմ կայքիս մէջ Արցախին նուիրուած յատուկ բաժին ունիմ: Կայ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած բաժին. 102 տարի անցած է Հայոց ցեղասպանութենէն, որ մեզի համար միասնութեան գործօն  դարձած է եւ ատոր գումարուած է ղարաբաղեան հարցը, որ, կարծես, նոր սերունդներուն համար միացման կամուրջ ըլլայ:

Այցելա՞ծ էք Արցախ…

-Երկու օրով պիտի երթամ Արցախ, ցանկութիւն ունիմ հանդիպելու Արցախի նախագահին:

-Ապրիլեան օրերուն Ձեր մայրիկին հետ  Հայաստան եկած էիք, մասնակցեցաք ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Կը պատմեն Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու շառաւիղները» ձեռնարկին, շատ յուզիչ էր Ձեր մայրիկի պատմութիւնը. Կը կարծեմ, որ բացի ատկէ, ուրիշ առաքելութիւն ալ ունիք…այո՞…

-Այո՛, Ապրիլ 24-ին Ծիծեռնակաբերդի բարձունքէն ուղիղ լրագրողական տեղեկատուութիւն  պէտք է իրականացնեմ. ես չեմ եկած որպէս զբօսաշրջիկ, ես այցի եկած եմ իմ հայրենակիցներուս յիշատակը խորհրդանշող յուշահամալիր եւ պէտք է լրագրողական աշխատանք ընեմ կայքիս համար, տեղեկատուութիւն տամ իմ կայքի ընթերցողներուն:

Պարո՛ն Հազարեան, կիսով չափ հայ էք, բայց կարծես թէ չէք գիտեր հայերէն…

-Ատոր պատճառը դարձեալ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքն է. Ցեղասպանութիւնը իրեն հետ բերաւ նաեւ լեզուական խնդիր, որովհետեւ մարդիկ կը վախնային խօսելու հայերէն, վտանգաւոր էր, այդ պատճառով ալ մայրս չխօսեցաւ, աւելի ճիշդ` շատ քիչ խօսեցաւ հայերէնով:

Մեր հարցազրոյցի աւարտին պարոն Գլաուսը հայերէնով արտաբերեց երկու հաճելի ու կարեւոր արտայայտութիւններ` Ես կը սիրե՛մ քեզ, իմ Հայաստան, ես կը սիրե՛մ քեզ, իմ մայրիկ…

Զրուցեց Կարինէ Աւագեան

img_3027

Scroll Up