Կենդանի Շղթայ Ամսթըրտամի Մէջ ` Ի Յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներուն

Ապրիլի 23-ին Ամսթըրըամի «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» դպրոցի սաներուն, մանկավարժական անձնակազմին եւ ծնողներուն համար այնչափ յիշարժան օր էր:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ «Նիտերլանտական օրագիր»-ը, դպրոցի եւ «Սուրբ Հոգի» եկեղեցւոյ անդամները միասնաբար ոգեկոչեցին Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակը: Այս ձեռնարկը եւս մէկ անգամ ամրագրեց համայնքի համախմբման միասնականութեան զգացողութիւնը:
Ամսթըրտամեան ջրանցքներու երկայնքով, ի դէպ, ջրանցքի կամուրջներէն մէկն ունի Armeensebrug (Հայկական կամուրջ) անուանումը, «Սբ․ Հոգի» եկեղեցւոյ հաւատացեալ հայերը` մանուկ եւ չափահաս, կազմած էին կենդանի շղթայ` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն: Նման ձեռնարկ արդէն երկրորդ տարին է, որ կը կազմակերպուի: