Արդարութեան Եւ Պահանջատիրութեան Երթ Մոնթէվիտէոյի Մէջ

Ապրիլ 21-ին, կազմակերպութեամբ Ուրուկուէյի հայ երիտասարդութեան, ընթացք տրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցի առաջին ձեռնարկին, երբ երեկոյեան ժամը 7-ին մայրաքաղաքի Անկախութեան Հրապարակէն, հարիւրաւոր հայրենակիցներ, բարձրախօսի, բազմաթիւ պաստառներու, ջահերու, մոմերու եւ դրօշներու ընկերակցութեամբ, սկսան քալել Մոնթէվիտէոյի գլխաւոր պողոտայէն։

Մէկ ու կէս ժամ տեւած արդարութեան եւ պահանջատիրութեան երթը կանք առաւ, Մոնթէվիտէոյի Քաղաքապետարանի մուտքի բակին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն մը։ Համալսարանի աստիճաններուն վրայ զետեղուեցան մոմերն ու ջահերը, մինչ ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան պատասխանատուներէն, Միքայէլ Տեմիրճեան բոլոր երիտասարդներուն անունով ուղերձ մը արտասանեց, դատապարտելով թուրք իշխանութիւններու ժխտողական քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր պահանջատիրութիւնն ու արդար դատի համար մղւող պայքարը շարունակելու պարտաւորութիւնը, մինչեւ վերջնական ճանաչում և հատուցում, թուրք իշխանութիւններուն կողմէ։

Վերջաւորութեան բազմաթիւ փուչիկներ մեր պետական դրօշի գոյներով բաց ձգուեցան դէպի երկինք։

Կարօ Հէքիմեան

%d5%b8%d6%82%d6%80%d5%b8%d6%82%d5%a3%d5%be%d5%a1%d5%b53 %d5%b8%d6%82%d6%80%d5%b8%d6%82%d5%a3%d5%be%d5%a1%d5%b54 %d5%b8%d6%82%d6%80%d5%b8%d6%82%d5%a3%d5%be%d5%a1%d5%b55 %d5%b8%d6%82%d6%80%d5%b8%d6%82%d5%a3%d5%be%d5%a1%d5%b56

Scroll Up