Ցեղասպանութեան Զոհերու Ոգեկոչումներ Մեծագոյն Տիթրոյտի Մէջ

Հոգեպարար երեւոյթ էր ապրիլ 24-ին ականատես ըլլալը, թէ ինչպէս տեղուոյս չորս եկեղեցիները (երկու առաքելական, մէկ կաթոլիկ, մէկ բողոքական), անտեսելով իրենց կրօնական կամ քաղաքական տարաձայնութիւնները, միասնաբար Սուրբ Սարգիս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ  ոգեկոչեցին Հայոց ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցը` հոծ բազմութեան ներկայութեամբ:

Շաբաթ երեկոյեան` ապրիլ 26-ին, Հայ յեղափաոխական դաշնակցութիւնը կազմակերպած էր ոգեկոչման երեկոյ, ուր ելոյթ ունեցան  Քանատայի մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Արա Պապեան եւ Հայ դատի յանձնախումբի ընդհանուր տնօրէն Արամ Համբարեան: Պարոն Պապեան պատմական փաստերով նկարագրեց յետպատերազմեան քաղաքական իրողութիւնները` կապուած Հայկական հարցին հետ, իսկ պարոն Համբարեան իր խօսքին մէջ շեշտեց կապն ու կարեւորութիւնը Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան երաշխաւորման:

Կիրակի` ապրիլ 27-ին, Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը հրաւիրած էր քանատահայ ճարտարագէտ, երաժիշտ եւ ազգային գործիչ պարոն Րաֆֆի Պետրոսեանը, որ հանգամանօրէն անդրադարձաւ «Թաքուն հայեր»-ու խնդիրին մեր դրացի երկրին մէջ:  Ըլլալով Պոլսահայ` պարոն Պետրոսեան ոչ միայն քաջատեղեակ է Թուրքիոյ մէջ կատարուող անցուդարձերուն, այլ նաեւ իր կեանքի նպատակ դարձուցած է իր գործուն մասնակցութիւնը բերելու Հայ ազգին վերաբերող կարեւոր որոշումներու իրականացման:

Տիգրան Թումաճան

Տիթրոյտ, ԱՄՆ

Scroll Up