Հայրենադարձները Մասնակցեցան «Էյ ԹԻ Փի» Հիմնադրամի Ծառատունկին
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` ապրիլ 22-ին «Էյ ԹԻ Փի» բարեգործական հիմնադրամը (Հայաստան ծառատունկ ծրագիր) ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող ՀԿ-ի հետ համատեղ Հաղարծինի վանքի շրջակայքին մէջ գարնանային ծառատունկ իրականացուցած է` տնկելով 330 ծառ ու թուփ:
Ծառատունկին ներկայ էին ՀՀ սփիւռքի փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեան, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող ՀԿ-ի տնօրէն Ճորճ Բարսեղեան, «Էյ ԹԻ Փի» բարեգործական հիմնադրամի երեւանեան գրասենեակի տնօրէն Լուսինէ Քասարճեան, փոխտնօրէն Արթուր Յարութիւնեան, նախարարութեան աշխատակիցներ, հիմնադրամի կամաւորներ, վանքի հոգեւոր այրեր, ինչպէս նաեւ` Հայաստան հաստատուած սուրիահայ եւ լիբանանահայ հայրենադարձներ:
Նշենք, որ ծառատունկին միացած է վանքային համալիրին մէջ գտնուող Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը: Վեհափառ Հայրապետը ողջունած է ծառատունկի մասնակիցները, օրհնած ձեռնարկը, ապա մէկ ծառ տնկած:
«Էյ Թի Փի»-ն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 501(c)(3) բաժինի բարեգործական կազմակերպութիւն է` իր խորհրդատուական, հոգաբարձուներու խորհուրդով եւ գրանցուած է որպէս` Ամերիկայի հայկական համագումարի նախագիծ, որ կ’իրականացնուի կենսական նշանակութեան բնապահպանական ծրագիրներ` Հայաստանի աղքատ եւ անտառազուրկ գօտիներուն մէջ:
1994թ.-էն «Էյ Թի Փի»-ն հսկայական աշխատանք իրականացուցած է անապատացման դէմ պայքարին` գործելով կենսաբազմազան, սակայն առաւել վտանգուած Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ: Ծրագիրի ծիրէն ներս տնկուած եւ վերականգուած են աւելի քան 5 միլիոն ծառ Հայաստանի եւ Արցախի ողջ տարածքին, ստեղծուած են բազմաթիւ աշխատատեղեր:
«Էյ Թի Փի»-ի աշխատանքներն ուղղուած են Հայաստանի տնտեսական եւ սոցիալական զարգացման` կեդրոնացուած պաշարներով անտառվերականգնման աշխատանքները ֆինանսաւորելու միջոցով:
Հիմնադրամին կողմէ աճեցուած եւ տնկուած ծառերը կենսական նշանակութիւն ունին, որովհետեւ մարդոց կ’ապահովեն սնունդով, փայտով, բնապահպանական բարիքներով եւ տնտեսութեան աճի համար անհրաժեշտ հնարաւորութիւններով:
Հիմնադրամին նպատակն է օգնել հայ ժողովուրդին` ծառերու օգտագործման միջոցով բարելաւել բնակչութեան կենսամակարդակը, ինչպէս նաեւ` պահպանել շրջակայ միջավայրը:
Լուսանկարները` «Էյ ԹԻ Փի» հիմնադրամի