Իտալահայ Գործարարը` Հայաստանի ՄԷջ Ներդրումներու Մասին

Ապրիլ 21-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց իտալահայ գործարար, Միլանի մէջ Սփիւռքի նախարարի խորհրդական Սարօ Խուտավերտին:

Ողջունելով հիւրերը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր նկատեց սփիւռքահայ գործարարի ջանքերը` Հայաստանի մէջ ներդրումային խոշոր ծրագիր իրականացնելու ուղղութեամբ: Երկարատեւ բանակցութիւններէ ետք ան յաջողած է համաձայնութիւն ձեռք բերելու խոշոր միջազգային կառոյցի մը հետ` Հայաստանի մէջ եւս մասնաճիւղ բանալու վերաբերեալ: Խօսքը առեւտուրի կազմակերպմամբ զբաղուող ”Future world trade LLC” կազմակերպութեան մասին է, որ մասնաճիւղեր ունի Իրանի, Թուրքիոյ, Մալիզիոյ, Մեծ Բրիտանիոյ մէջ: Հայաստանի մէջ կազմակերպութիւնը ցանցի միջոցով տարեկան 200 միլիոն տոլարի առեւտրական գործարքներ կ’իրականացնէ:

Սարօ Խուտավերտին շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան եւ քաջալերանքի համար: Ան մանրամասն ներկայացուց կազմակերպութեան հետ համագործակցութեան հեռանկարներն ու հնարաւորութիւնները, նշեց, որ նոր ծրագիրը պիտի նպաստէ Հայաստանի տնտեսական յառաջընթացին:

Scroll Up