Մոնթեվիտէոյի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Տարելիցին Արդարութեան Երթ Պիտի Իրականացուի

Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթեվիտէոյի մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին առիթով, Ապրիլ 21-ին պիտի իրականացուի արդարութեան երթ։

Ըստ Armenpress.am-ի տեղեկութիւններուն՝ անիկա  սկիզբ պիտի առնէ Մոնթեվիտէոյի Անկախութեան հրապարակէն, ուրկէ մասնակիցները պիտի շարժին դէպի Մոնթեվիտէոյի տարածաշրջանային վարչական կառավարման մարմնի շէնքի հրապարակ, ուր հանրահաւաք պիտի իրականացուի:

Անիկա կը կազմակերպէ «Ուրուկուէյի հայ երիտասարդութիւն» կազմակերպութիւնը:

Ապրիլ 23-ին, Մոնթեվիտէոյի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ արցախեան պատերազմին զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակին նուիրուած հոգեհանգիստի կարգ:

Ուրուկուէյի մէջ, Ապրիլ 24-ին, հայ եկեղեցւոյ կեդրոնական վարչական խորհուրդի ներկայացուցիչները ծաղկեպսակ պիտի դնեն Ուրուկուէյի ազգային հերոս զօրավար Խոսէ Արդիկասի շիրիմին:

Ապրիլ 25-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած արարողութիւն տեղի պիտի ունենայ նաեւ Ուրուկուէյի օրէնսդիր մարմնի մօտ: Զայն կազմակերպած են Ուրուկուէյի Ներկայացուցիչներու պալատը եւ Ուրուկուէյի Հայ Դատի յանձնախումբը: Ձեռնարկին ելոյթներ պիտի ունենան Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Խոսէ Գառլոս Մախիան, շարք մը պատգամաւորներ եւ ակադեմական ոլորտի ներկայացուցիչներ:

Իսկ Ապրիլ 26-ին, Ուրուկուէյի հայկական միութիւնը պիտի կազմակերպէ արեան յանձնման արարողութիւն՝ տեղի Նուպարեան քոլէճին մէջ:

Scroll Up