ՀՄԸՄ-ի Գամիշլիի Մասնաճիւղը Յիշատակեց Սկաուտին Օրը

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Գամիշլիի Մասնաճիւղի Սկաուտ Խորհուրդին, Կիրակի, 2 Ապրիլ 2017-ի երեկոյեան ժամը 5:30-ին Գամիշլիի Կիւլպէնկեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Սկաուտի Օրուան տօնակատարութիւն, ներկայութեամբ եւ բարձր հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի, կը հաղորդէ “Գանձասար”-ը:

Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան եւ Ազգ. երեսփոխանական ժռղովի անդամ Ժիրայր Րէիսեան, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան անդամ Զաւէն Գասպարեան, պատկան մարմնի եւ ազգային մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, սկաուտներու ծնողներ եւ հոծ բազմութիւն:

ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը ազգայնաշունչ երգեր նուագելով ողջունեց սրբազան հայրը եւ անոր ընկերակցող հիւրերը, որմէ ետք սրահին մէջ տողանցեց Սուրիոյ, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի դրօշները բարձրացուցած գայլ-արծուիկներուն հետ՝ սրահէն ներս մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով:

Հանդիսավարներ՝ Անդրանիկ Պոզոյեան եւ Ռիթա Կարապետեան ներկաները հրաւիրեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած ՀՄԸՄ-ականներուն յիշատակը, որուն յաջորդեց Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներու երգեցողութիւնը՝ սկաուտական երգչախումբին կատարողութեամբ:

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց սկաուտ խորհուրդի ատենադպրուհի Մարալ Սարգիսեան-Գասապեան, որ անդրադառնալով ՀՄԸՄ-ի առաքելութեան ըսաւ. «Մենք ՀՄԸՄ-ի մէջ տեսանք մեր ժողովուրդի գերագոյն ձգտումները։ ՀՄԸՄ-ը Սփիւռքի մէջ եղաւ այն կազմակերպութիւնը, որ տէր կանգնեցաւ եռագոյնին ու այսօր ան կը ծածանի Հայաստան աշխարհի երկնակամարին վրայ: ՀՄԸՄ-ը եւ սկաուտութիւնը միաձուլուած, տասնամեակներ շարունակ դաստիարակեցին, ոգեւորեցին եւ հայ ժողովուրդին նուիրեցին բազմահազար ՀՄԸՄ-ականներ, որոնք ազգին եւ հայրենիքին ծառայութիւնը սկաուտական իրենց երդումին արքասիքը համարեցին»:

Հանդիսութեան գեղարուեստական յայտագիրը ընդգրկեց չափական պար, հայկական պար, մեներգ, բուրգի կազմութիւն եւ թատերական ներկայացում՝ «Բարեկենդան» խորագրով։ Սկաուտները միջազգային եւ ազգային դէմքեր ներկայացնելէ ետք, լուսարձակի տակ առին Արցախի ազատագրական պայքարը հերոսութեամբ պսակող հայ զինուորին կերպարը։

Աստիճանաւորական կազմէն Մեղեդի Պալեան սկաուտին խօսքը արտասանեց: Ան շեշտեց, որ սկաուտութիւնը ՀՄԸՄ-ի շարժիչ ուժն է, ապա աւելցուց.  «ՀՄԸՄ-ը յաջողած է սկաուտական իր շարքերուն մէջ ամրապնդել երկաթեայ կամքի, կարգապահութեան եւ անձնազոհութեան առաքինութիւնները։ Այդ շարքերէն անցած ՀՄԸՄ-ականները գործուն ներկայութիւն դարձած են հայ կեանքի զանազան մարզերուն մէջ»:

Այնուհետեւ սկաուտական երգչախումբը եզրափակեց գեղարուեստական յայտագիրը փունջ մը ազգային երգերով՝ արժանանալով ներկաներու ծափողջոյններուն:

Յայտագիրի աւարտին բեմ հրաւիրուեցան սրբազան հայրը, Ժիրայր Րէիսեանը, քահանայ հայրը, եղբ. Զաւէն Գասպարեանը, օրուան կնքահայր եղբ. Միհրան Տիգրանը եւ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետը: Մասնաճիւղի խմբապետուհի քոյր Եւա Մանուկեան-Սելիմեան սկաուտական փողկապով պատուեց բեմ բարձրացող հրաւիրեալները:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն-վայականաց բաշխում եւ աստիճանատուչութիւն:
Հուսկ սրբազան հայրը իր հայրական խօսքին մէջ նախ շնորհաւորեց սկաուտները եւ իրենց ծնողները՝ վկայականներուն առիթով, նշելով որ այս ձեռնարկը պիտի դառնայ նորանոր յաջողութիւններու խթան. ապա գնահատեց ՀՄԸՄ-ի Գամիշլիի Մասնաճիւղի Վարչութիւնն ու Սկաուտ Խորհուրդի կազմակերպած այս հանդիսութիւնը, ինչպէս նաեւ սկաուտներու կարգապահութիւնը եւ տպաւորիչ ելոյթը: Ան հաստատեց, որ ՀՄԸՄ-ը կը շարունակէ իր յաջող երթը այս դժուար պայմաններուն մէջ՝ հիմնուելով իր խորիմաստ «Բարձրացիր-բարձրացուր» նշանաբանին վրայ:
Հանդիսութեան փակումը կատարուեցաւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով եւ սրբազան հօր «Պահպանիչ»ով:

Scroll Up